Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն ետք իսրայէլեան օդուժը շարք մը բուռն յարձակումներ գործեց Հարաւային Լիբանանի Անսար եւ Զրարիէ գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող տարածքին վրայ: Ռմբակոծումներուն արձագանգը լսուեցաւ Սայտայի եւ Իքլիմ Խարրուպի մէջ: Ըստ որոշ տուեալներու, ասիկա զինադադարի համաձայնութեան կնքումէն ետք անոր մեծագոյն ոտնահարումն է: