Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Առողջապահութեան Կազմակերպութեան Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Առողջապահութեան նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի ներկայացուցիչ դոկտ. Ապտի Նասեր Ապու Պաքեր, առողջապահութեան ամրապնդման հարցով թեքնիք պատասխանատու Ռաշա Համզա եւ տեղեկատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Հալա Հապիպ:

Հանդիպումի ընթացքին նախարարութեան ապագայ ծրագիրներու շուրջ խորհրդակցութիւն ու համակարգում կատարուեցաւ:

Ապու Պաքեր ողջունեց հրաւէրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նախարարութեան առաքելութեան եւ նախարարութեան մօտ օրէն գործադրելիք մասնաւորաբար երիտասարդութեան ոլորտին մէջ ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն:

Խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ շարք մը ծրագիրներու շուրջ, որոնց վրայ նախարարութիւնն ու կազմակերպութիւնը կրնան միասնաբար աշխատիլ:

Պատուիրակութիւնը ողջունեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց անոնց գործադրութեան համար գործակցելու:

 

Leave a Comment