Ֆատլալլա. «Իրանի Դեսպանի Վտարման Որոշումը Սահմանադրական Արժէք Չունի, Կարծէք Գոյութիւն Չունի, Եւ Պիտի Չգործադրուի»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Նեթանիահուի կառավարութիւնը կ՛ուզէ հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի ստեղծել եւ այդպիսով կը խաբէ հիւսիսի բնակեցուածները: Ան կարո՞ղ է Թել Աւիւի բնակիչները հրթիռներէն պաշտպանել: Թշնամին նախապէս 1978-ին այդպիսի գօտի մը ստեղծեց, եւ բնակեցուածներուն անվտանգութիւն չապահովեց»: Անդրադառնալով Իրանի դեսպանի վտարման հարցին Ֆատլալլա յայտնեց. … Read more