Ուու Շու. Հայաստանի Հաւաքականը 4 Մետալներով Վերադարձաւ Չինաստանէն

Հայաստանի հաւաքականը յաջողութեամբ մասնակցեցաւ 2026-ի աւանդական Ուու շուի պատանեան աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Թիանճին (Չինաստան) քաղաքին մէջ` նուաճելով 4 մետալ Ուու շու -սանտա մարտական մրցումներուն:

Մրցումներէն ետք 4 հայ մարզիկներ շահեցան մետալներ` Կարէն Սահակեան 52 քկ կշիռի արծաթ մետալ, Գրիշա Աւիխանեան (45 քկ) պրոնզէ մետալ, Ռուբէն Մելքոնեան (56 քկ) պրոնզէ մետալ եւ Տիգրան Թովմասեան (75 քկ) պրոնզէ մետալ:

Այս մրցաշարքը կը հանդիսանար նաեւ իբրեւ զտումի հանգրուան` 2026-ի պատանեկան ողիմպիական խաղերուն: Սակայն որակաւորումը կատարուեցաւ բացառապէս ցուցադրական թաոլու խաղերուն: Այդ խաղերուն Հայաստանը կը ներկայացնէր Սիրանուշ Աւագեան, որ դժբախտաբար չկրցաւ մրցանակային դիրք գրաւել:

Պէտք է նշել, որ Ուու շու-սանտա մարտական կարգը մաս չի կազմեր 2026-ի պատանեկան ողիմպիական խաղերու ծրագիրին` մենամարտերու սուր պայքարի եւ կոշտութեան պատճառով:

 

 

Leave a Comment