«Եու. Էֆ. Սի.»-ի հայ մարտիկ Արման Ծառուկեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 8 ապրիլին` Սան Փաուլոյի մէջ տեղի ունենալիք «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Տիլըն Տենիս:
Մարտիկները կը պայքարին լիկայի ախոյեանի գօտիին համար, որ Ծառուկեան նախապէս շահած էր` յաղթելէ ետք Մոհամետ Մոքայեւին, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին:
Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Կրեփլինկի կանոններով` «Սապմիշըն օնլի» ձեւաչափով, այսինքն` յաղթական կը նկատուի այն մարտիկը, որ մրցակիցին կը ստիպէ յանձնուիլ:
Նշենք, որ երկու մարզիկներն ալ շաբաթավերջին Ֆլորիտայի մէջ տեղի ունեցած «ՌԱՖ-07» ազատ ըմբշամարտի մրցաշարքին մասնակցած էին: Այդտեղ Ծառուկեան պարտութեան մատնած էր Ճիորճիօ Փուլասը, մինչ Տենիս պարտուած էր Քոլպի Քովինկթընէն:
Տիլըն Տենիս Ճիու-Ճիցուի մարտիկ է, ունի Կրեփլինկի բարձր մակարդակի հմտութիւններ: Նոյն պահուն ան հանդէս կու գայ աւելի ծանր կշիռի կարգի մրցումներու` միջին կշիռի, բան մը, որ անոր առաւելութիւն կու տայ Ծառուկեանի դէմ մրցումին:
Հետաքրքրական է նաեւ, որ Տենիս իր հօր կողմէ ունի հայկական արմատներ, իսկ մայրը ծնունդով Հոնտուրասէն է: Ան ծնած է Միացեալ Նահանգներ (Նիւ Ճըրզի) եւ երկու անգամ դարձած է Ճիու-Ճիցուի ախոյեան: Ան մօտիկ ընկեր է Քոնոր Մաքկրեկորի: «ՌԱՖ 07» մրցաշարքէն ալ իրլանտացի աստղը աջակցած էր Տենիսին` հրապարակելով լուսանկար մը հայկական դրօշով եւ գրելով. «Նիւ Եորքի հայկական հրասայլը»:
«Հայ Էֆ. Սի.»-ի 8 ապրիլի երեկոյեան գլխաւոր մրցումն է ուրեմն Ծառուկեան – Տենիս մենամարտը: