Ֆատլալլա. «Իրանի Դեսպանի Վտարման Որոշումը Սահմանադրական Արժէք Չունի, Կարծէք Գոյութիւն Չունի, Եւ Պիտի Չգործադրուի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Նեթանիահուի կառավարութիւնը կ՛ուզէ հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի ստեղծել եւ այդպիսով կը խաբէ հիւսիսի բնակեցուածները: Ան կարո՞ղ է Թել Աւիւի բնակիչները հրթիռներէն պաշտպանել: Թշնամին նախապէս 1978-ին այդպիսի գօտի մը ստեղծեց, եւ բնակեցուածներուն անվտանգութիւն չապահովեց»:

Անդրադառնալով Իրանի դեսպանի վտարման հարցին Ֆատլալլա յայտնեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը լիբանանեան պետութեան մարտահրաւէր չ՛ուղղեր. անիկա պետութեան ու լիբանանցի ժողովուրդին կողքին է: Անիկա 1982 թուականէն մինչեւ օրս այդպէս եղած է, սակայն այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, այն է, որ նախարար մը հրապարակեց անվաւեր եւ անարժէք որոշում մը, անկախ այն հարցէն, թէ երկրին մէջէն անոր ո՛վ առաջարկած է, արտաքին առաջարկ գոյութիւն ունի»:

«Այս որոշումը սահմանադրական մեքանիզմներու հիմամբ չտրուեցաւ, զայն լիբանանեան կառավարութիւնը չտուաւ, անիկա սահմանադրական արժէք չունի եւ կարծէք գոյութիւն չունի, եւ պիտի չգործադրուի:

«Լիբանանեան պետութենէն զայն որդեգրող որեւէ պաշտօնական դիրքորոշում չհրապարակուեցաւ: Գլխաւոր առնչակիցը հանրապետութեան նախագահն է, որովհետեւ ինքն է, որ դեսպաններու հաւատարմագիրները կ՛ընդունի, ինքն է այս հարցի պատասխանատու հեղինակութիւնը, եւ կարգաւորման պարտաւորութիւնը անոր եւ վարչապետի ուսերուն է: Իշխանութենէն ոմանք զայն նկատեցին երթեւեկի կանոններու խախտման տուգանք մը, որ չի վճարուիր եւ անոր վճարումը չի պահանջուիր», ըսաւ երեսփոխանը:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ Իրանի, Լիբանանի շիի համայնքի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ այսպէս կարելի չէ վարուիլ: «Ան (Պըրրին, «Ա.») արտաքին գործոց նախարարի որոշումի հրապարակումէն մէկ օր առաջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ, ապա խորհրդարանի նախագահը նախագահին հետ խօսեցաւ եւ այս հարցի կարգաւորումը անոր վստահեցաւ, սակայն չկարգաւորուեցաւ:

«Ըսուեցաւ, թէ օտարերկրեայ նախագահներ հեռաձայնած են, եւ իսրայէլացի թշնամին շնորհաւորեց այս որոշումի որդեգրումը, եւ նախարարաց խորհուրդի նիստը պոյքոթի ենթարկուեցաւ` հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կարգաւորման մղելու համար: Անոնք ըսին, թէ ելք մը կը փնտռեն, ուստի զանոնք այս կացութեան մէջ ձգողը պէտք է զանոնք անկէ դուրս բերէ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ իշխանութիւնը հիմա նեղ կացութեան մէջ է եւ չի կրնար իր որոշումը գործադրել, որովհետեւ անիկա հակասահմանադրական է», նշեց Ֆատլալլա:

Leave a Comment