4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն, որ վերջերս միշտ ալ դժգոհութիւն կը յայտնէր այս տարուան «Ֆորմիւլա 1»-ի փոփոխութիւններէն, յայտնեց, որ շատ հաւանաբար իր վերջին տարեշրջանը կը բոլորէ «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհին մէջ` նշելով, որ շատ դժուար է հաճոյք ստանալ այս նոր փոփոխութիւններով:
«Ռետ Պուլ»-ի վարորդը համարձակօրէն դժգոհ էր 8-րդ դիրքը գրաւելով Ճափոնի վերջին կրան փրիին, զոր շահած էր 19 տարեկան Քիմի Անթոնելլի, «Մերսետես»-ի հետ:
«Անձնական գետնի վրայ շատ ուրախ եմ: Դուն կրնաս սպասել 24 կրան փրիներ: Այս անգամ 22 է: Եւ կը սկսիս մտածել` արդեօք արժանի՞ է, թէ՞ աւելի հաճելի է տունը մնալ ընտանիքիս հետ, աւելի յաճաճ տեսնելով ընկերներս, երբ այլեւս չես ստանար հաճոյք այս մարզաձեւէն», ըսաւ Վերշթափըն «Պի. Պի. Սի.»-ի լրագրողին:
Երբ «Պի. Պի. Սի.»-ի լրագրողը հարցուց, թէ ասիկա իր վերջին տարեշրջա՞նն է, 28 տարեկան նետերլանտցի վարորդը ըսաւ. «Այդ մէկը կը բացատրեմ»:
«Ես կ՛ուզեմ հոս ըլլալ, հաճոյք ստանալ, լաւ ժամանակ անցընել եւ վայելել: Այս պահուս այդ մէկը չ՛ըլլար: Անշուշտ ուրախութեան քանի մը պատճառներ կան: Ես հաճոյք կը զգամ խումբիս հետ: Իմ երկրորդ ընտանիքս է: Բայց երբ կը նստիմ ինքնաշարժին մէջ, այլեւս հաճելի չէ դժբախտաբար:
Կը փորձեմ կարելիս ընել, եւ ես ինծի համոզել օրէ օր… բայց շատ դժուար է:
«Ես կրնամ ընդունիլ 7-րդ կամ 8-րդ դիրքը, քանի գիտեմ, որ միշտ չես կրնար տիրապետել կամ առաջին-երկրորդ դիրքերը գրաւել, հարթակ բարձրանալու համար պայքարիլ: Ես իրապաշտ եմ եւ հոն եղած եմ նախապէս: Միշտ չէի շահեր «Ֆորմիւլա 1»-ին մէջ: Բայց երբ 7-8-րդ դիրքը կը գրաւես եւ չես կրնար հաճելի բան մը գտնել այս նոր օրէնքներով, ասիկա բնական զգացում մը չէ վարորդի մը համար: Անշուշտ կը փորձեմ վարժուիլ այս նոր ձեւին, բայց հաճելի չէ այս ձեւի մրցումը: Կարծես իրապէս ինքնաշարժ վարելու դէմ բան մըն է: Յետոյ կը մտածես, թէ ասիկա չէ իմ ուզածս», նշեց Վերշթափըն:
«Ֆորմիւլա 1»-ը այժմ 5 շաբաթներ դադար կ՛ունենայ` նկատի ունենալով, որ ապրիլ ամսուան մրցումները` Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ջնջուեցան Իրանի դէմ պատերազմին պատճառով, այդ պատճառով ալ 24 կրան փրիները նուազեցան 22-ի:
Յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ Մայեմիի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ, 3 մայիսին: