Սպանիոյ ֆութպոլի «հսկաներէն» Պարսելոնա ակումբը այժմէն իսկ լրջօրէն կը մտածէ յառաջիկայ եղանակին համար ձեռք ձգել մարզիկներ:
Պարսայի ցանկին վրայ երկու գլխաւոր թիրախներն են Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես եւ Ինթեր Միլանի յետսապահ Ալեսանտրօ Պասթոնի:
Սակայն նկատի ունենալով զոյգ մարզիկներուն նիւթական բարձր պահանջները, շատ հաւանական է, որ Պարսելոնա կեդրոնանայ իտալացի Պասթոնիի վրայ, որ աւելի «պիտանի» կրնայ ըլլալ ակումբին համար:
Պասթոնի տեղափոխութիւնն ալ աւելի իրատեսական կը թուի ըլլալ, եւ ըստ երեւոյթին արդէն իսկ սկսած են լուրջ բանակցութիւններ: Անոր փոխանցման արժէքն ալ Ալվարեսի նման բարձր չըլլալով, անոնք պատրաստ են մինչեւ 70 միլիոն եւրօ վճարել:
Ալվարեսի փոխանցումին չյաջողելու պարագային, արժանթինցի յառաջապահը շատ հաւանաբար մնայ եւ երկարաձգէ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ իր պայմանագրութիւնը:
Պասթոնի իր կարգին համաձայն կը թուի միանալու Պարսելոնային: Օրեր առաջ Պարսելոնայի միջնապահ Փետրի որոշեց իր ապագային վերաբերեալ նոր էջ չբանալ այլ խումբ տեղափոխուելով, այլ յայտնեց, որ պատրաստ է վերանորոգելու իր պայմանագրութիւնը, հակառակ անոր որ Պարսելոնայի «թշնամի» ակումբը` Ռէալ Մատրիտ նպատակ ունէր իր կազմին միացնել Փետրին: 23 տարեկան Փետրի գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիքի հետ շատ ուրախ է եւ մասնակցած 33 մրցումներու` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով 10 էսիսթ: