Արամ Ա-ն շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը միշտ զօրակցած է պաղեստինեան դատին՝ զայն նկատելով արդարութեան դատ
Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Պաղեստինի նորանշանակ դեսպան դոկտ. Մուհամմէտ Ալ-Ասաատի։ Դեսպանին առաջին այցելութիւնը ըլլալով` Նորին Սրբութիւնը անոր անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցին ու առաքելութեան մասին։ Հայրապետը շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը միշտ զօրակցած է պաղեստինեան դատին՝ զայն նկատելով արդարութեան … Read more