Հակադարձելով Եւրոպական Խորհրդարանի Դիրքորոշումներուն` Ալիեւ. «Հայաստան Ինք Կը Կարեւորէ Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութիւնները»

Ամբողջովին յստակ է, որ Ազրպէյճանի նկատմամբ այս կողմնակալ դիրքորոշումը կը ստեղծուի յատուկ լոպիական խումբերու, յատուկ ուժերու կողմէ, որոնք չեն կրնար ընդունիլ Ազրպէյճանի անկախ քաղաքականութիւնը: Ահա թէ ինչու մենք տարիներ շարունակ չենք համագործակցիր Եւրոպական խորհրդարանին կամ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ: Այս մասին Տաւոսի մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

«Մենք կը համագործակցինք Եւրոպական յանձնաժողովին հետ, եւ ատիկա մեզի համար բաւարար է: Սակայն ես կը կարծեմ, որ Եւրոպական խորհրդարանը ինքզինք անյարմար դրութեան մէջ կը դնէ` մեզ մեղադրելով այնպիսի բաներու մէջ, որոնք մենք երբեք չենք ըրած, ներառեալ Հայաստանի նկատմամբ յարձակողական դիրքորոշման մէջ, մինչդեռ Հայաստան ինք կը կարեւորէ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները», նշած է Ալիեւ:

Ան յիշեցուցած է, որ անցեալ տարուան օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ նախաստորագրուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը:

«Հետեւաբար, ես յոյս ունիմ, որ Եւրոպական խորհրդարանի անդամները պիտի գտնեն համարձակութիւն վերատեսութեան ենթարկելու Ազրպէյճանի նկատմամբ իրենց անարդար քաղաքականութիւնը», ըսած է Ալիեւ:

Ալիեւ նաեւ Տաւոսի մէջ «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանալ հեղինակաւոր «Զայետի մարդկային եղբայրութեան մրցանակ»-ը, յատկապէս, որ անիկա կը կրէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր, հանգուցեալ շէյխ Զայետի անունը: Ես ատիկա կը նկատեմ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու մեր ջանքերու ճանաչում` աւելի քան 30 տարի տեւած արիւնահեղութենէ, տագնապէ եւ պատերազմէ ետք»:

«Այսօր Հարաւային Կովկասը կը մտնէ զարգացման նոր փուլ: Մենք խաղաղութեան մէջ կ՛ապրինք ընդամէնը հինգ կամ վեց ամիսէ ի վեր.՛ մենք կը սորվինք: Մեր անկախ պատմութեան ընթացքին մենք երբեք խաղաղութեան մէջ չենք ապրած: Եւ ատիկա իւրայատուկ զգացողութիւն է: Եւ, ի հարկէ, ասիկա հրաշալի կարելիութիւն է», նշած է Ալիեւ:

Ան ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները արդէն կը վերածուին համագործակցութեան:

«Մենք վերացուցած ենք Հայաստանի բեռնափոխադրումներու բոլոր սահմանափակումները: Աւելի՛ն, մենք սկսած ենք Հայաստանին մատակարարել կարեւորագոյն ապրանքներ, հիմնականին մէջ` նաւթամթերք, որմէ երկիրը մեծապէս կախեալ է», նշած է Ալիեւ:

 

Leave a Comment