Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Ըստ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ռուպիօ բարձր գնահատած է Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Հայաստան վառելիքի մատակարարումները իբրեւ կարեւոր քայլ, որ ինչպէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, «ցոյց կու տայ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 8 օգոստոս 2025-ին Սպիտակ տան մէջ նախագահ Թրամփի առաջ մղած պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրին»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդումով, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրավիճակը եւ Ազրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:

«Ընդգծուեցաւ «ԹՐԻՓՓ»-ի իրականացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքի կարեւորութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Leave a Comment