Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Ղեկավար Մարմիններու Ընդլայնուած Ժողով

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 19-20 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողով` մասնակցութեամբ աւելի քան 20 երկիրներու ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու ներկայացուցիչներու:

Խորհրդաժողովին հանգամանալի քննարկուեցան աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայոց պետականութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, այդ ուղղութեամբ համակարգուած, ցանցային աշխատանքներու իրականացման հարցերը:

Առանձնայատուկ շեշտուեցաւ ազգային ինքնութեան, ազգային արժէքներու, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մեր պետականութեան անվտանգային մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դիմագրաւման գործին մէջ հետեւողական եւ միասնական ուժերով բոլոր ճակատներուն վրայ աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

21 փետրուար 2026

Leave a Comment