Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

Երէկ Ժընեւի մէջ` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Աբիսողոմեան հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամատովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հանդիպումը տեղի ունեցած է ի շարունակութիւն քաղաքական բարձր մակարդակով տեղի ունեցած հաղորդակցութիւններու:

Զրուցակիցները քննարկած են բազմակողմ հարթակներու վրայ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած հաւանական քայլերը:

 

Leave a Comment