Հայաստան Եւ 50 Այլ Երկիրներ ՄԱԿ-ի Մէջ Ձեռնպահ Քուէարկած Են Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Բանաձեւին

Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու 50 այլ երկիրներ ՄԱԿ-ի մէջ ձեռնպահ քուէարկած են Ուքրանիոյ վերաբերեալ բանաձեւին:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «Էքս»-ի վրայ շնորհակալութիւն յայտնած է այն 107 երկիրներուն, որոնք աջակցած են Քիեւին:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրած է «Աջակցութիւն Ուքրանիոյ մէջ երկարատեւ խաղաղութեան» բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ` Ուքրանիոյ մէջ «արդար եւ կայուն խաղաղութեան»` միեւնոյն ժամանակ մերժելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերջին պահուն ներկայացուած առաջարկը` նախագիծի բնագիրէն ջնջելու երկու կարեւոր պարբերութիւններ, որոնք կը վերաբերէին երկրի «գերիշխանութեան» եւ «տարածքային ամբողջականութեան»:

Հայաստանի Հանրապետութենէն բացի, բանաձեւին ձեռնպահ քուէարկած երկիրներու շարքին են Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Չինաստանն ու Հունգարիան:

 

Leave a Comment