Խմբագրական. Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական Մթնոլորտի Մէջ

Լիբանան փակ դպրոցներով կը նշէ Ուսուցչաց տօնը, պատերազմական իրավիճակի մէջ: Ուսուցիչներ եւ աշակերտներ արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով առցանց ուսուցումի դրութեան կ՛անցնին` ուսումնական տարին չխափանելու համար: Յստակ չէ բնականոն կրթական կեանքի վերադարձի ժամանակը: Ամէն ինչ կախում ունի շրջանային-լիբանանեան պատերազմի ընթացքէն: Դպրոցներու փակ մնալը, եթէ մէկ կողմէ ապահովական պատճառներուն հետ կապուած է, միւս կողմէ սակայն անոնց կարեւոր … Read more

Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը

Միջին Արեւելքի պատերազմի աշխահագրութեան ընդլայնման հաւանականութիւնը առաջին հերթին կը բախէ հարաւային Կովկասի դռները։ Աշխուժ քաղաքականութիւն կը կիրարկուի ներիրանեան հասարակութիւնը երկփեղկելու եւ՝ արտաքին հարուածներուն առընթեր ներքին իրավիճակը պայթունավտանգ դարձնելով, վարչակարգի փոփոխութեան կամ երկրի մասնատման ծրագիրները իրականացնելու։ Քրտական գործօնը պարարտ ենթահող կը թուի ըլլալ այս քաղաքականութեան համար։ Ուաշինկթըն բացայայտ կը յայտարարէ քիւրտերուն օժանդակելու իր ծրագիրներուն մասին, մինչ … Read more

Ամերիկյան արտաքին քաղաքականությունը՝ իսրայելական ենթակայության տակ

CNN հեռուստալրատվական ցանցի օրերս անցկացրած հարցախույզի տվյալներով՝ ամերիկացիների 59 տոկոսը համաձայն չէ հակաիրանյան պայքարում ամերիկյան ռազմական ուժերի այսքան ինտենսիվ ներգրավվածությանը: Հարցվողների մեծ մասը դեմ չէ դաշնակից իսրայելական բանակին հավելյալ զենք ու զինամթերք մատակարարելուն, ինչը միշտ է եղել, սակայն գտնում է, որ մարտի 1-ից ի վեր ընթացող լայնամասշտաբ ու կործանիչ պատերազմը իրենցը չէ, իսկ հայտնի լրագրողներից … Read more

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-Ամեակ)

«Ազդակ» այսօր թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Յառաջիկայ տարի, մարտ 5-ին կ՛ամբողջանայ մեր թերթին 100-ամեակը: Թղթային մամուլի հետզհետէ խորացող ճգնաժամի այս պայմաններուն, խորհրդածութեան բազմաթիւ ուղղութիւններ իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն: «Ազդակ»-ի ապրած հոլովոյթը անպայման պէտք է լոյսին բերել. փորձել օրուան քաղաքական, հասարակական, մշակութային բազմահանգամանք պայմանները լաւապէս ընկալել, «Ազդակ»-ի ծննդոցին բուն շարժառիթները բացայայտելու համար: Խմբագրական-մանիֆեստով արտայայտուող միտքերուն … Read more

Ակնարկ. Տարածաշրջանի Բռնկումը. Տարբեր Հայեցակէտեր

Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը ամբողջ տարածաշրջանը ներքաշեց աննախընթաց տարողութեամբ բռնկումի: Այս նոր շրջափուլի սաստկացումի ընթացքը, տեւողութիւնը, տարողունակութեան չափն ու հաւանական ելքերը տակաւին յստակ չեն: Կը թուի սակայն, որ գործողութիւններու վճռական փուլ է, որ միջանկեալ ժամանակաւոր լուծումներու հաստատման տեսութենէ հեռու է: Համընդհանուր դիտարկումներ այս վերջին բռնկումը կը տեղադրեն Վենեզուելայի, Կրինլանտի, ռազմական եւ քաղաքական ցնցիչ, հետեւաբար շրջադարձային … Read more

Խմբագրական. Չփակելո՛ւ Համար Արցախի Էջը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ երէկ նշուեցաւ Արցախի ազատամարտի 38-ամեակը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի մասնակցութիւնը այս ձեռնարկին` իր ներկայացուցիչին ճամբով, քաղաքական յստակ ուղերձ կը պարունակէ իր մէջ: Նախ, անշուշտ Արցախի էջը փակուած չնկատելու հաւաքական կեցուածքի արտայայտութիւնն էր նախաձեռնութիւնը: Հակառակ հայաթափումին, բռնի տեղահանումին, բռնագրաւումին եւ հակառակ` Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու պաշտօնական որոշումներուն, … Read more

Միայն թե ընտրեք մեզ… – Ազգ

Այլեւս պարզ է բոլորիս համար՝ մեկ ձայնը, մեկ քվեն արժի 10 հազար դրամ: Ուժի մեջ է մտնելու ապրիլի 1-ից, շարունակվելու է մինչեւ հունիսի 7: Դրանից հետո, ասում են ՔՊ-ականները, կյանքը կվերադառնա բնականոն հուն՝ կայուն, անվտանգ, խաղաղ, իրակա՛ն Հայաստան: Թոշակառուներն արդեն սովորած կլինեն, թե ինչպես է պետք ծախսել այդ գումարը, մենք կսովորեցնենք: Կարեւորություն մի՛ տաք, թե … Read more

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ուաշինկթըն-Թեհրան հանդիպումի նախաշեմին  արձանագրուող լարուածութեան բարձր աստիճանին վրայ Իսրայէլ տեղ կը գրաւէ եւ այս անգամ սպառնալիքներ կ՛ուղղէ Պէյրութին: Սպառնալիքը Հըզպալլայի ներգրաւուածութեան որեւէ փորձի դիմաց լիբանանեան կառոյցներ հարուածելն է. մասնաւորաբար կը շեշտուի օդակայանը: Սպառնալիքներու այս խորապատկերին վրայ, լիբանանեան բանակը կը հաղորդէր, որ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններու հսկողութեան ընթացքին, բանակի յենակէտ մը ենթարկուած է իսրայէլեան կրակոցներու: Անօդաչու … Read more

Ակնարկ. Ուրբաթ Օր Եւ Բանակցային Փուլի Կայացման Հաւանականութիւնը

Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Ուաշինկթընի կողմէ բանակցողները պատրաստ են ուրբաթ օր Ժընեւի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ թեւակոխել, եթէ յառաջիկայ 2  օրերուն ստանան հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ մանրամասն  առաջարկներ Թեհրանի կողմէ: Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցին, ամերիկացի պաշտօնատարները  կը նշեն,  որ ներկայիս դիւանագիտական տարբերակը, հաւանաբար, վերջին կարելիութիւնն է, որ նախագահ Թրամփը կու տայ Իրանին, նախքան Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ … Read more

Խմբագրական. Սումկայիթէն Արցախ` Անցնելով Պուտափեշտէն

19 փետրուար 2004-ին Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձի շրջանակներուն մէջ, ազրպէյճանցի զինուորին կողմէ դաւադրաբար կացինահար կը սպաննուէր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Կը կանխուէր ոճրագործին երկրորդ սպանութիւնը հայ երկրորդ սպայի մը: Որոշ ժամանակ բանտարկուելէ ետք ազրպէյճանցի ոճրագործը գործարքային պայմաններով կը յանձնուէր Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` պատիժը Պաքուի մէջ շարունակելու սին խոստումներով: Ոճրագործը շատ արագ Պաքուի մէջ ազգային հերոսի կոչում … Read more