Խմբագրական. Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական Մթնոլորտի Մէջ

Լիբանան փակ դպրոցներով կը նշէ Ուսուցչաց տօնը, պատերազմական իրավիճակի մէջ: Ուսուցիչներ եւ աշակերտներ արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով առցանց ուսուցումի դրութեան կ՛անցնին` ուսումնական տարին չխափանելու համար: Յստակ չէ բնականոն կրթական կեանքի վերադարձի ժամանակը: Ամէն ինչ կախում ունի շրջանային-լիբանանեան պատերազմի ընթացքէն:

Դպրոցներու փակ մնալը, եթէ մէկ կողմէ ապահովական պատճառներուն հետ կապուած է, միւս կողմէ սակայն անոնց կարեւոր մէկ մասին հանրակացարաններու վերածուիլն է: Դպրոցները առաջին ապաստարանները կը հանդիսանան գաղթականներուն: Անպատսպարներու, տեղահանուածներու եւ բնակարաններ կորսնցուցած քաղաքացիներու հաւաքական տունի վերածուած են անոնք:

Մտածումներ կան, համեմատաբար ապահով շրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող վարժարաններու պարագային վերսկսելու առկայ դրութիւնը: Նման տնօրինումներ երկուութիւն կը ստեղծեն հանրակրթութեան պարագային, ինչ որ կ՛ունենայ իր հետեւանքները կրթական տարեշրջանին եւ աշակերտական ընթացիկ տարուան սերունդին վրայ:

Այս պայմաններուն մէջ Ուսուցչաց տօնին խորհուրդը եւս կը վերաիմաստաւորուի: Առաջնահերթութիւնը արտակարգ պայմաններու մէջ գործող կրթական գործիչին, այս պարագային ուսուցիչին կողմէ յաւելեալ զոհողութիւն կը պահանջէ, տան մէջ համակարգիչի պաստառին դիմաց նստած աշակերտին լիարժէք դասաւանդում կատարելու առումով: Խնդիրը անշուշտ ոչ միայն ֆիզիքապէս առկայութեան առաւելութիւններու բացակայութիւնն է կամ թեքնիք միջոցներու օգտագործման տիրապետումի անհրաժեշտութիւնը, այլ նաեւ կենդանի շփումի անփոխարինելիութիւնն է: Մասնագէտները էական տարբերութիւններ կը նկատեն այս բոլորին մէջ եւ կ՛ընդգծեն բացթողումները, որոնք կը գրանցուին առցանց ուսուցումներու պարագային:

Հիմա սակայն կայ հրամայական, արտակարգ վիճակ, եւ հետեւաբար բոլորը անցում կատարած են արդէն առցանց դրութեան: Նոր երեւոյթը այն է, որ Ուսուցչաց տօնին առիթով կրթութեան նախարարութեան որոշումով այսօր  փակ կը մնան նաեւ առցանց վարժարանները: Ուսուցիչները առցանց շնորհաւորանքներ պիտի ստանան իրենց աշակերտներէն:

Լիբանանեան այս երեւոյթներուն մաս կը կազմէ նաեւ հայկական վարժարանն ու հայ ուսուցիչը: Այս պատերազմը, ինչպէս նախորդները, իրեն հետ պիտի բերէ ճգնաժամերու նոր կացութիւններ, որոնք միայն գաղթականական ալիքով չեն պայմանաւորուած: Պատերազմի աւարտին, գաղթականները տունդարձի կարելիութիւն պիտի ունենան, եթէ չեն աւերուած իրենց գիւղերը, քաղաքներն ու բնակարանները: Շատ են կանխատեսումները, որ Իսրայէլ անմարդաբնակ տարածքի պիտի վերածէ իր կողմէ ճշդուած անվտանգութեան գօտիի տարածքները: Այդ կ՛ենթադրէ տրամադրուած հանրակացարաններու երկարատեւ վիճակ մը:

Հետեւանքներէն է նաեւ տնտեսականը: Առանց անոր ալ արդէն ներկայ սղաճի պայմաններուն մէջ ամէնէն շատ կը տուժէին սահմանափակ եկամուտ ունեցող ասպարէզի գործիչները, որոնց շարքին` ուսուցիչները:

Հակառակ պատերազմներուն եւ տագնապներուն, այս համայնքէն ակնկալութիւնները կը մնան բարձր: Յատկապէս մարդուժի ուղղութեամբ: Դասագրքային ճշմարտութիւն է, որ մարդուժի պատրաստութեան մէջ կարեւորագոյն գործառոյթ կ՛իրականացնէ ուսուցիչը: Հայ ուսուցիչը:

Ուսուցիչին, պատերազմի մէջ գործող հայ ուսուցիչին սատարելու եւ մանաւանդ ուսուցիչներու սերնդափոխութիւնը պատրաստելու հրամայականը միջոցներ կ՛ենթադրէ: Այդ միջոցներու տրամադրումը համասփիւռքեան խնդիր է: Որովհետեւ, հակառակ լիբանանեան բոլոր ճգնաժամերուն, այդ ակնկալութիւնը ա՛յս համայնքէն կը շարունակէ մնալ աւելի քան այժմէական:

Leave a Comment