Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Ուաշինկթընի կողմէ բանակցողները պատրաստ են ուրբաթ օր Ժընեւի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ թեւակոխել, եթէ յառաջիկայ 2 օրերուն ստանան հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ մանրամասն առաջարկներ Թեհրանի կողմէ:
Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցին, ամերիկացի պաշտօնատարները կը նշեն, որ ներկայիս դիւանագիտական տարբերակը, հաւանաբար, վերջին կարելիութիւնն է, որ նախագահ Թրամփը կու տայ Իրանին, նախքան Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան ձեռնարկելը, որ կրնայ ուղղակիօրէն թիրախաւորել Իրանի գերագոյն առաջնորդը:
Մինչեւ այս լրատուութեան հրապարակումը, փոխսպառնական հռետորաբանութիւնը եւ գետնի վրայ արձանագրուող նախապատրաստութիւնը մագլցողականութեան նոր մրցանիշներ կը գրանցէին:
Հիմա պահ մը կեդրոնանանք սակայն մինչեւ ուրբաթ տեղի ունենալիք հաւանական բեմագրութիւններուն վրայ: Երկրորդ փուլի կայացումը կախեալ է Իրանի յղելիք առաջարկներէն: Մինչ այդ, Թեհրանը պարզ դարձուցած էր, որ կայ հաւանական համաձայնագիրի նախագիծ, որուն ուղղութեամբ Թեհրան լրացուցիչ առաջարկներ կը մշակէ:
Այս լրատուութիւնն ու պաշտօնական Թեհրանի յայտարարութիւնը իրար կը համապատասխանեն: Կը հասկցուի այնպէս, որ հաւանական համաձայնագիրի նախագիծին Թեհրան ունի լրացուցիչ առաջարկներ: Մինչեւ այս փուլը այնպէս կը ներկայացուէին խնդիրները, որ հիմնական տարակարծութիւնը կայանալիք համաձայնութեան փուլայի՞ն, թէ՞ փաթեթային ըլլալն էր: Այլ խօսքով, միայն հիւլէական թղթածրարի՞ն շուրջ, թէ՞ նաեւ հեռահար հրթիռներու եւ իրանեան տարածաշրջանային յենակէտերուն պիտի վերաբերէր:
Մինչեւ նոր փուլի ճշդումը Ուաշինկթընէն կը հնչէին նաեւ սահմանափակ գործողութիւն իրականացնելու բարձր հաւանականութեան մասին յայտարարութիւններ: Հիմա սակայն ճնշումը նոր աստիճանաչափերով կը բարձրանայ: Կը խօսուի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ միացեալ յարձակումի եւ գերագոյն առաջնորդի թիրախաւորման մասին:
Քաղաքական ընթերցումը կրնայ այն համոզումը փոխանցել, որ յառաջիկայ օրերուն Թեհրան կը յղէ համաձայնագիրին լրամշակուած տարբերակը: Այս ճնշումներն ու սպառնալիքները նպատակ ունին ուրեմն, Թեհրանէն ստանալու այն, ինչ որ կ՛ակնկալուի: Տակաւին պարզ չէ, որ օրակարգերը ամբողջականօրէն ներառական պիտի ըլլա՞ն, թէ՞ բանակցութիւնները պիտի ընթանան փուլ առ փուլ, հետեւաբար` օրակարգ առ օրակարգ:
Շղթայական եւ հետեւանքային տրամաբանութեան վրայ հիւսուած շարքին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման-յետաձգման նոր պարանաձգութիւնը: Իրանը, տարածաշրջանին մէջ իր յենակէտերուն դէմ կատարուած յարձակումներէն ետք կը շարունակէ պահպանել իր ազդեցութիւնը եւ այդ է, որ կ՛անհանգստացնէ Թել Աւիւը:
Լիբանանը, թէկուզ որոշ վերափոխումներով, այդուհանդերձ տակաւին կը կրէ այդ ազդեցութիւնը: Ընտրութիւններու կայացում-յետաձգում ընտրանքի հնչեղութիւնը զօրացաւ, երբ զուգահեռ Ուաշինկթըն-Թեհրան լարուածութիւնը թէժացաւ: Եթէ ուրբաթ օրը նախատեսուած բանակցային փուլը կայանայ, ապա ըստ այնմ անիկա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանեան ընտրական օրակարգը այսօրուան մշուշապատ վիճակէն դուրս բերելու գործընթացին վրայ:
«Ա.»