Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի, Կառավարութեան Քաղաքականութեան Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին:

Ռաժժի հանդիպումին ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւններու հաստատման նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը յայտնեց:

Ան Սէուտական Արաբիոյ շնորհակալութիւն յայտնեց «բոլոր փուլերուն տեւաբար Լիբանանի կողքին կանգնելուն եւ աջակցութեան համար»:

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը իր կարգին շեշտեց իր երկրին Լիբանանի, լիբանանեան կառավարութեան քաղաքականութեան ու որոշումներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը:

 

Leave a Comment