Ամերիկեան Դեսպանատունը Յայտարարեց. «Զինուորական Համակարգումի Մեքանիզմը Տակաւին Կանգուն Է, Եւ «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Յաջորդ Ժողովը 25 Փետրուարին Է»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, թէ դեսպանատունն ու ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը կը վերահաստատեն, որ զինուորական համակարգումի շրջագիծը, ինչպէս 27 նոյեմբեր 2024-ին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան մէջ անոր ստեղծումը յայտարարուած էր, «տակաւին կանգուն է եւ կ՛աշխատի իր ամբողջ ներուժով, նոյն նպատակով, մասնակիցներով ու ղեկավարութեամբ»:

«Որոշուած է, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի յաջորդ ժողովը Նաքուրայի մէջ գումարուի 25 փետրուար 2026-ին, ինչպէս նաեւ յաջորդող ժողովները ճշդուեցան 25 մարտին, 22 ապրիլին եւ 20 մայիսին: Այս հանդիպումները պիտի շարունակուին` իբրեւ մասնակից կողմերուն միջեւ զինուորական համակարգման հիմնական ֆորում», նշեց ամերիկեան դեսպանատունը:

Leave a Comment