Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի:

Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սուրիացի դատապարտեալներ Սուրիա տեղափոխելու շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ նշանակուած է Կարծր թափօններու կառավարման ազգային մարմինի վարչական խորհուրդը:

Նախագահ Աուն նիստի ընթացքին յայտնած է, որ սահմանադրութեան կիրարկման մէջ բացեր գոյութիւն ունին, եւ յանձնախումբի մը պարտականութիւն տուած է զանոնք յայտնաբերել եւ անոնց լուծման կարելիութիւնները գտնել:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է լոյս սփռել կառավարութեան սուրիացի գաղթականներու տունդարձի թղթածրարին մէջ արձանագրուած յաջողութեան վրայ, եւ այս ծիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Քաթարին` գաղթականները իրենց երկիր վերադառնալու քաջալերելուն համար:

Leave a Comment