Պաշտպանութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Կը Յայտարարէ. «Խաղաղութեան Եւ Պատերազմի Որոշումին Միակ Տէրը Պետութիւնն Է»

Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրը երէկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հրաւէրով Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` բարձր գնահատելով լիբանանցիներուն կարգապահութեան ոգին, որ կու գայ հաստատելու այն սկզբունքները, որոնց կարեւորագոյնը Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութիւնն է:

Խորհրուրդը շեշտեց, թէ խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումին միակ տէրը պետութիւնն է, եւ լրատուամիջոցներէն խնդրեց պատասխանատուութեան ոգի ցուցաբերելու:

Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը նաեւ վստահեցուց, թէ անհրաժեշտ բոլոր նիւթերը` սննդեղէնը, դեղն ու ուժանիւթը ապահովուած են, եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարութենէն պահանջեց Լիբանանի օդային տարածքը բաց պահել:

Խորհուրդը արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան պարտականութիւն տուաւ արտերկրի լիբանանցիներուն հետ կապի մէջ մնալ:

 

Leave a Comment