Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Հետեւեցաւ Մայրաքաղաքի Կացութեան Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժարի, Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտի, Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներու: Ժողովին հիմնական օրակարգը կեդրոնացաւ մայրաքաղաքի մէջ տարուող քայլերուն վրայ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի տեղահանուածներու տարրական կարիքներուն առնչուող հարցերուն եւ ընդհանուր ծառայութեանց կարգաւորման քայլերուն:

Նաեւ` Մակրոյի Հետ Հանդիպում

Վարչապետ Սալամ երէկ նաեւ վարչապետարանի իր գրասենեակին մէջ ժողով մը գումարեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի նորագոյն անցուդարձերուն ու այդ գծով Ֆրանսայի կեցուածքին վրայ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայելի հետ:

 

Leave a Comment