Վարչապետ Սալամ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի 2-րդ Փուլին 4 Ամսուան Մէջ Գործադրութեան Համար Պայման Մը Կը Ճշդէ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ պետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով վերականգնեց իր վերահսկողութիւնը հարաւային Լիբանանի վրայ, բացի այն դիրքերէն, զորս Իսրայէլ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ: Ան պետութեան վերահսկողութեան վերականգնումը որակեց «պատմական իրադարձութիւն»:

Սալամ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարող է զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի փուլը 4 ամիսէն գործադրել, եթէ յարմար պայմանները ապահովուին:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանը Իրանէն աջակցութեան չի կարօտիր, եւ ընդգծեց, որ երկիրը տարիներու կը կարօտի «Կազայի թիկունք կանգնելու արկածախնդրութեան» հետեւանքները թօթափելու համար:

Սալամ նշեց, որ իր նպատակը կը նոյնացուի Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի նպատակին, հակառակ ոճի եւ ենթահողի տարբերութեան:

Վարչապետը հերքեց ամերիկեան դժգոհութեան գոյութիւնը` նշելով, որ բանակին 180 միլիոն տոլար, իսկ ներքին ապահովութեան ուժերուն 40 միլիոն տոլար յատկացուած է, ինչ որ զինեալ ուժերուն նկատմամբ աջակցութեան եւ վստահութեան արտացոլացում է:

 

 

Leave a Comment