Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի, 20 յունուար 2026-ին, Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պետական երեսփոխաններ եւ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան` իր քաղաքական ու տնտեսական … Read more

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Սուրիոյ, Քիւրտիստանի Եւ Եւրոպայի Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Դիմադրութեան Մասնակցելու

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատարութիւնը «Սուրիոյ, Քիւրտիստանի հիւսիսի, հարաւի եւ արեւելքի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի բոլոր քիւրտերուն» կոչ ուղղեց` Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն դէմ «թրքական յարձակումներու մագլցումին լոյսին տակ», «միանալու Սուրիոյ մէջ դիմադրութեան շարքերուն: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտնեցին, որ իրենց շրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը 6 յունուարէն ի վեր յարձակումներու կ՛ենթարկուին` ընդգծելով, որ իրենց ուժերը կը շարունակեն «քաջաբար եւ … Read more

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանը ընդունած է Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու Միացեալ Նահանգներու հրաւէրը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիան աւելցուց, որ իր երկրին որոշումը կ՛արտացոլէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ առաջարկած քսան … Read more

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ան դեսպաններուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Մէկ տարի եւ տասը օր առաջ ես ստանձնեցի կառավարումը երկրի մը, որ խորապէս վիրաւորուած էր: Հակառակ անոր որ նախապէս կ՛ընդգծեմ, որ ես պատասխանատուութիւնը չեմ դներ անորոշ հասկացողութիւններու վրայ, … Read more

Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»

«Ոեւէ մարդ, որ ծանօթ է Եւրասիական տնտեսութեան միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան գործունէութեան սկզբունքներուն, տեղեակ է, որ կարելի չէ Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն անցնելով ԵԱՏՄ-ի անդամ մնալ»: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` մեկնաբանելով Հայաստանի եւրոպական համարկման հեռանկարները: «Այս հարցը ես բազմիցս քննարկած եմ … Read more

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաւէր ստացած է միանալու Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին, եւ այդ կարելիութիւնը կ՛ուսումնասիրուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Իսկապէս, նախագահ Փութին նոյնպէս դիւանագիտական ուղիներով առաջարկ ստացած է միանալու այս Խաղաղութեան խորհուրդին: Մենք ներկայիս կ՛ուսումնասիրենք այս առաջարկի բոլոր մանրամասնութիւնները: Յոյս ունինք կապ … Read more

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար Մազլում Ապտիի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը նկատեց «առանցքային շրջադարձային կէտ»: «Այս համաձայնութիւնն ու զինադադարը առանցքային շրջադարձային կէտեր կը ներկայացնեն, որովհետեւ նախկին հակառակորդները պառակտումի փոխարէն գործընկերութիւնը կ՛ընտրեն», ըսաւ ան: Ան բարձր գնահատեց երկու կողմերուն «շինիչ» մօտեցումը կնքելու համաձայնութիւն մը, որ «ճամբան կը … Read more

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով` Ազրպէյճանի Տարածքով

Հայաստան շուտով ռուսական հեղուկ կազ պիտի ներածէ երկաթուղիով` Ազրպէյճանի տարածքով, կը յայտնեն Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութենէն: Թէ Ազրպէյճանի տարածքով հեղուկ կազի առաջին խմբաքանակը ե՞րբ Հայաստան պիտի հասնի եւ յստակ ո՞ր ընկերութիւնները պիտի ներածեն, նախարարութիւնը չի յայտներ: Վերջին օրերուն հեղուկ կազը կտրուկ սղած է: Ըստ կառավարութեան, Իրանէն այս պահուն վառելիք ներածել կարելի չէ, ռուսականի ներածումն ալ չի … Read more

Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Ըստ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ռուպիօ բարձր գնահատած է Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Հայաստան վառելիքի մատակարարումները իբրեւ կարեւոր քայլ, որ ինչպէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, «ցոյց կու տայ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 8 օգոստոս … Read more

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Կրինլանտի խնդիրի սրացումը տարբեր շարժառիթներ ունի: Նշենք սակայն, որ անոր ռազմագիտական դիրքի կարեւորութիւնը կամ հազուագիւտ մետաղներու հանքավայր ըլլալը նոր չէ, որ յայտնաբերուած են: Կրինլանտի նկատմամբ ամերիկեան պահանջին այսքան հնչեղութիւն ստանալը  ներկայ փուլին, այդ բոլորով հանդերձ, ունի յստակ աշխարհաքաղաքական էութիւն` յատկապէս Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու չափազանցօրէն սրած իրավիճակին հետ: ՕԹԱՆ-ի կազմաքանդումը սեղանի վրայ դրուած է յայտարարողական մակարդակի … Read more