Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար Մազլում Ապտիի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը նկատեց «առանցքային շրջադարձային կէտ»:

«Այս համաձայնութիւնն ու զինադադարը առանցքային շրջադարձային կէտեր կը ներկայացնեն, որովհետեւ նախկին հակառակորդները պառակտումի փոխարէն գործընկերութիւնը կ՛ընտրեն», ըսաւ ան:

Ան բարձր գնահատեց երկու կողմերուն «շինիչ» մօտեցումը կնքելու համաձայնութիւն մը, որ «ճամբան կը հարթէ դէպի միացեալ Սուրիա առաջնորդող երկխօսութեան եւ գործակցութեան վերանորոգման»:

 

 

Leave a Comment