Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

Սուրիական բանակը կայծակնային յարձակումով Եփրատ գետին վրայ հիւսիսային ռազմավարական Թապքա քաղաքն ու անոր ռազմական օդակայանը գրաւեց: Կառավարական ուժերը նաեւ գրաւեցին Ռաքքա քաղաքէն շուրջ 40 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Եփրատի ջրամբարը եւ Ռաքքա նահանգին մէջ ծանր զէնքեր եւ ուժեր կուտակեցին: Կառավարական ուժերը Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ ինքնավար մարզի ապահովական ու ոստիկանական ուժերու Մարքատա քաղաքին մէջ գտնուող կեդրոնները գրաւեցին, իսկ … Read more

Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն

Քրտական ինքնակառավարման մարմինը Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի` քիւրտերու իրաւունքներուն վերաբերեալ հրապարակած հրամանագիրը նկատեց «առաջին քայլ» մը, սակայն անիկա «սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները չի բաւարարեր»: Սուրիոյ հիւսիսի եւ արեւելքի ինքնավարութեան մարմինը, մեկնաբանելով Շարհի` քրտերէնը «ազգային լեզու», Նովրուզի տօնը «ազգային տօն» նկատելը, մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած շրջաններուն մէջ դպրոցներու մէջ քրտերէնով ուսուցում արտօնելը եւ Սուրիա բնակող քիւրտերուն երկրի քաղաքացիութիւն … Read more

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

«Հայաստան» խմբակցութիւնը քաղաքացիներու հետ հանդիպումներու շարքի մը սկսած է: Այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը: «Այսօրուընէ կը սկսինք պարբերական այցելութիւններ` Հայաստանի մարզեր: Առաջին հանդիպումը Գեղարքունիքի մարզին մէջ էր: Տպաւորիչ հանդիպում ունեցանք Մարտունիի մէջ, շուտով պիտի հանդիպինք միւս բնակավայրերուն մէջ` քննարկելու մեր մօտեցումներն ու ընելիքները», նշած է Իշխան … Read more

Քասեմ. «Ռաժժին Քաղաքացիական Խաղաղութեան Հետ Կը Խաղայ. Պատասխանատուութիւնը Կառավարութիւնը Կը Կրէ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Ապահովական անկայունութեան պայմաններուն մէջ որքա՛ն ալ ձեռքբերումներ արձանագրուին, քաղաքական կայունութիւն չ՛իրագործուիր: Մենք մեծ պատասխանատուութեամբ մասնակցեցանք պետութեան կառուցման ամէն քայլի»: «Համաձայնութեան մէջ փուլեր չկան. կա՛մ կը գործադրուի, կա՛մ ալ չի գործադրուիր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «1701-ը բացառապէս լիբանանեան հարց է, նոյնպէս զէնքի մենաշնորհումն ու ազգային … Read more

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը այսօր՝ 17 յունուարի առաւօտուն ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը՝ գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի։ Ա. Պալապանեան կաթողիկոսին փոխանցեց զեկուցում, յատկապէս լիբանանահայութեան վերաբերող հիմնական խնդիրներուն ընդառաջ մշակուած ծրագիրներուն եւ կատարուած աշխատանքներուն մասին։ Վեհափառը գնահատեց տարուող աշխատաքները եւ շեշտեց յատկապէս երկրի դիմագրաւած ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ համախմբուած աշխատելու եւ լիբանանահայ բոլոր … Read more

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին մէջ նշուած «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի ստեղծումը յայտարարեց: «Ինծի համար մեծ պատիւ է յայտարարել, որ խաղաղութեան խորհուրդը կազմուեցաւ: Անոր անդամներուն ցուցակը շուտով պիտի հրապարակուի», յայտնեց Թրամփ: «Կրնամ հաստատել, որ անիկա որեւէ ժամանակի եւ վայրի մէջ ձեւաւորուած մեծագոյն եւ ամէնէն հեղինակաւոր խորհուրդն է», աւելցուց ան: Կարճ … Read more

Սպիտակ Տուն. «Կրինլանտի Մէջ Եւրոպական Ուժերու Ներկայութիւնը Թրամփի Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ»

Սպիտակ տունը շեշտեց, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներու Դանիոյ եւ Կրինլանտի ներկայացուցիչներուն հետ ժողովը արդիւնաւէտ էր, եւ զգուշացուց, թէ եւրոպական ուժերու Կրինլանտ ուղարկումը պիտի չազդէ շրջանին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումին վրայ: Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Չեմ կարծեր, որ Եւրոպայի ուժերը պիտի ազդեն նախագահին մօտ որոշումի մշակման հոլովոյթին վրայ, անոնք … Read more

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը ցոյց կու տայ, թէ Պաքու անզիջող կը մնայ իր որդեգրած` «պատանդներու դիւանագիտութեան» մէջ` Հայաստանէն յաւելեալ քաղաքական զիջումներ խլելու նպատակով: Յանձնախումբը շեշտեց, թէ տակաւին առնուազն 19 հայ գերիներ կը մնան Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, ուր անոնք խոշտանգումներ եւ բռնութիւն կը դիմագրաւեն ու զրկուած են իրենց … Read more

Ժան Մոմճեան` Մեթնի Թաղապետներու Լիկայի Հաշուապահ

Ուրբաթ, 9 յունուար 2026-ին յայտարարուեցաւ Մեթնի թաղապետներու լիկայի համաձայնական կազմը: Համաձայնութիւնը գոյացաւ Մեթնի մէջ գործող տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ` ՀՅԴ, Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխան Միշել Մըր: Լիկայի նախագահութիւնը առաջին երեք տարիներու համար ստանձնեց Տըքուենիի թաղապետ Ամին Մորիս Խուրին, իսկ երկրորդ երեք տարիներուն համար` Մրուժի թաղապետ Ռիշար Անթուան Խարրաթը: … Read more

Ակնարկ. Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Արցախի պատերազմի 4 ռազմագերիներու վերադարձը քաղաքական որոշ դիտարկումներու կ՛առաջնորդէ: Կանխատեսումները շատ էին, որ փուլային ձեւով Ազրպէյճան ազատ պիտի արձակէ իր մօտ գտնուող ռազմագերիները: Խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրուած տարբերակը իր բովանդակութեան մէջ նման կէտ չէր պարփակած, այդուհանդերձ առանց ժամկէտներու ճշդումի, անոնց ազատ արձակումը կը կապուէր նախաստորագրութենէ դէպի ստորագրութիւն ենթադրաբար գացող ժամանակահատուածին կայանալիք փուլային ազատ արձակման արարներու: Այս … Read more