Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Երեւանի մէջ խախտած են բարոյագիտութեան արժեչափերը` հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքային փաստաթուղթերը եւ համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու նամակագրութիւնները` առանց համաձայնեցնելու շահագրգիռ կողմերուն հետ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: «Եթէ անոնք ատիկա արդէն ըրած են, ապա այդ փաստաթուղթերը կը շեղին Երեւանի մէջ յառաջ մղուող թեզերէն: ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի փաստաթուղթերը յստակ կ՛ապացուցեն, որ 3 … Read more

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առտու Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը: Նախագահը պատուիրակութեան յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու է միջազգային որոշումներու գործադրութեան: Ան կոչ ուղղեց իր առաքելութեան ամբողջացման մէջ աջակցելու լիբանանեան բանակին` մատնանշելով ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ բոլոր մակարդակներուն վրայ աշխատանքն ու զինադադարի հսկողութեան «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին հետ համակարգումը: «Կարիքը ունինք իսրայէլեան կողմը մղելու, որպէսզի … Read more

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց. «Սպիտակ տունը յուսախաբ կը զգայ Ուքրանիոյ տագնապի լուծման գործարքի չհասնելու պատճառով»: Վանս ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով իբրեւ փոխնախագահ իրեն ամէնէն շատ յուսախաբութիւն պատճառող հարցի մասին հարցումի մը, նշեց. «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ կացութիւնը կը կարծեմ ամբողջ Սպիտակ տան համար դարձաւ տեւական յուսախաբութեան աղբիւր»: «Իրապէս … Read more

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը հրապարակեց նոր ռազմավարութիւն մը, որուն համաձայն երկիրը իր միջազգային դերակատարութենէն պիտի անցնի Հարաւային Ամերիկայի եւ ներգաղթի դէմ պայքարին վրայ յաւելեալ կեդրոնացման: Ուրբաթ առաւօտեան հրապարակուած ռազմավարութիւնը կը բովանդակէ խոստում մը` «աշխարհի վրայ մեր զինուորական ներկայութիւնը բարեփոխման ենթարկելու` կարգաւորելու համար մեր կիսագունդին յատուկ հրատապ սպառնալիքները եւ հեռանալու բեմերէ, որոնց ամերիկեան ազգային … Read more

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Թրամփ կը նախատեսէ Ս. Ծնունդէն առաջ յայտարարել, որ Կազայի խաղաղութեան հոլովոյթը կը մտնէ իր երկրորդ փուլ, ինչպէս նաեւ ներկայացնել շրջանի կառավարման նոր կառուցուածքը: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս»-ը` յղում կատարելով ամերիկացի երկու պաշտօնատարներու եւ հոլովոյթին անմիջականօրէն մասնակից արեւմտեան աղբիւրի մը: Համաձայնագիրի երկրորդ փուլը կը նախատեսէ իսրայէլեան զօրքերու հիմնական մասի դուրսբերումը Կազայէն, միջազգային կայունացման ուժերու ներդրում եւ … Read more

Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունած Է Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ

28-30 նոյեմբերին Մալթայի մէջ, իշխող «Փարթիթ Լապուրիսթա» կուսակցութեան հիւրընկալումով, Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը գումարած է խորհուրդի նիստեր: Նախքան Խորհուրդի նիստը, կազմակերպութեան շարք մը կոմիտէներ, ինչպէս նաեւ նախագահութիւնը կայացուցած են ժողովներ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող Մարիօ Նալպանտեանը մասնակցած է խորհուրդի եւ կազմակերպութեան ֆինանսական եւ վարչական կոմիտէի նիստերուն եւ, իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, Նախագահութեան նիստին եւ պաշտօնական ընթրիքին: … Read more

Բագրատունի. «Լիբանանահայերը Եկեղեցւոյ Եւ Վեհափառի Կողքին Են»

«Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը փորձէ երկիրը ապակայունացման տանիլ», այս մասին «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի: Ըստ Բագրատունիի, Լիբանանի հայ համայնքին համար եկեղեցին այն խորհրդանիշն է, որ պահած է, կը պահէ եւ կը շարունակէ պահել ժողովուրդը: «Լիբանանահայութեան մէջ այս արշաւին կողմ մարդիկ չկան, կրնան ըլլալ անհատներ, … Read more

Փափազեան. «Սփիւռքը Չ՛օժանդակեր Եկեղեցւոյ Դէմ Փաշինեանի Արշաւին»

«Սփիւռքի մէջ բոլորը կը քննադատեն եւ կը դատապարտեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ տարուող արշաւը, այս մասին «Ալֆա նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան: «Ես չիմացայ, չհանդիպեցայ, չլսեցի գէթ մէկ կազմակերպութիւն, որ կ՛օժանդակէ այս արշաւին: Յստակ է, որ Փաշինեանի` եկեղեցւոյ դէմ արշաւը սփիւռքի մէջ չ՛ընդունուիր: … Read more

Ակնարկ. Տնտեսական Եւ Անվտանգային Գօտիներ

Լիբանանի մէջ յառաջիկայ զարգացումներուն մասին կան հակոտնեայ տեղեկութիւններ: Լրատուական հաղորդագրութիւնները երբեմն պաշտօնական, այլ պահերու` անպաշտօն, կ՛ուզէին փոխանցել, որ զէնքի մենաշնորհումի պայմանաժամի օղակը սկսած է սեղմուիլ: Թել Աւիւ նոյնիսկ պայմանաժամը կը ճշդէր Նոր տարին եւ կը յայտնէր, որ եթէ զինաթափումը մինչ այդ տեղի չունենայ, ապա Իսրայէլ պիտի դիմէ բռնի ուժի կիրարկումին: Զէնքի մենաշնորհումը չիրականանալու պարագային նոյնը … Read more

Ամալ Շարժումի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2025-ին ընդունեց Ամալ շարժումի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան: Ամալ շարժումի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Մուսթաֆա Խաուաժա … Read more