Լը Տրիանի Հետ Իր Հանդիպումին Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Կը Մերժենք Այն Ամբաստանութիւնները, Թէ Բանակը Լիթանիէն Հարաւ Իր Դերը Ամբողջական Կերպով Չի Կատարեր»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երկուշաբթի օր Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Նախագահ Աուն յայտնեց. «Լիբանանը կ՛ողջունէ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ ֆրանսական որեւէ դերակատարութիւն, որ կը նպաստէ իրագործելու այդ յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն հիմնական նպատակները, որոնք են` թշնամական արարքներու դադրեցումը, հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած … Read more

Բագրատունի. «Պայքարի Վերանորոգման Ուխտի Պահն Է, Այլ Ելք Չունինք»

«Սովորաբար մեր կուսակցութեան ամեակներու տօնակատարութիւնները առիթ են ներկայացնելու հաշուետուութիւններ մեր ժողովուրդին, սակայն այսօր պայմանները այնքան բարդ են ու դաժան, որ այսօր ո՛չ տօնակատարութեան տրամադրութեան մէջ ենք, ո՛չ ալ անպայմանօրէն հաշուետուութիւն ներկայացնելու խնդիր կայ, քանի որ մենք ազգովին վտանգուած ենք», ՀՅԴ 135-ամեակին նուիրուած հանդիսութենէն առաջ լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի … Read more

Իսա. «Բանակի Հրամանատարին Ուաշինկթըն Այցելութեան Վերականգնման Համար Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի Ուաշինկթըն այցելութեան վերականգնման համար հաղորդակցութիւններ գոյութիւն ունին: Դեսպանին կարծիքով, այդ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ: Անդրադառնալով «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներուն` Իսա ըսաւ. «Առաջին ժողովէն խաղաղութեան հաստատում չէինք սպասեր, … Read more

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնած Սլովենիոյ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց, թէ Ապահովութեան խորհուրդը երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին շարք մը արեւմտեան պետութիւններու դիմումով պիտի գումարէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ ժողով մը: Ներկայացուցչութիւնը նշեց, որ ժողովի գումարման դիմումը ներկայացուած է Դանիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հարաւային Քորէայի եւ Բրիտանիոյ կողմէ, իսկ Սլովենիան միացած է այդ դիմումին: Ժողովը պիտի գումարուի … Read more

Ակնարկ. Երկու Տարուան Պայմանաժամի Առաջարկ Ընողները

Տոհայի ֆորումին առիթով Քաթարի ղեկավարին կատարած յայտարարութիւններուն այն բաժինը, որ դէպի Լիբանան տրամադրուելիք աջակցութեան ծրագիրներու նոր շարք մը պիտի յայտարարուի, ուշադրութիւն կը գրաւէ: Նախ պէտք է արձանագրել Քաթարի ունեցած դերակատարութիւնը շրջանին մէջ: Քաթարը Ծոցի երկիրներուն մէջ ոչ միայն ներարաբական, այլ նաեւ վերջին շրջանին Համաս-Իսրայէլ միջնորդաւորման, անուղղակի բանակցութիւններու վարման երաշխաւոր եւ միջնորդ պետութիւն է: Դասական մօտեցումը … Read more

Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, շաբաթ, 6 դեկտեմբերին, Երեւանի «Դուին» պանդոկի «Միուզիք հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն` նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին: Այս տարի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Յանուն հայի, յանուն պետութեան» կարգախօսին ներքեւ` ընդգծելով ՀՅԴ աշխարհայեացքը, գաղափարական հիմքերը եւ արժէքները: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Այնճարի Հայկական Վարժարանները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` Ռեմոն Այվազեանի եւ Յովհաննէս Խօշեանի, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2025-ին այցելեց Այնճարի Ազգային «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարան եւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, ուր յաջորդաբար հանդիպեցաւ դպրոցներու տնօրէններ` Արմէն Թաշճեանի եւ վեր. Յակոբ Ագպաշարեանի հետ: Պալապանեան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կ՛իյնայ … Read more

Ընդունելով Վարչապետ Սալամը` «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր Տոհայի ֆորումի բացման նիստէն ետք հանդիպում ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ: Քաթարի իշխանը հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց, որ Քաթար կը շարունակէ Լիբանանին քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերել` նշելով, որ Տոհա շուտով Լիբանանի աջակցութեան յատկացուած նոր ծրագիրներու շարք մը պիտի յայտարարէ: Վարչապետ Սալամ իր կարգին իր գնահատանքը … Read more

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապը Կը Մօտենայ Հաւանական Շրջադարձային Կէտի` Եւրոպայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Պառակտման Պայմաններուն Մէջ

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ տագնապը կը մօտենայ հաւանական շրջադարձային կէտին` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պառակտման պայմաններուն մէջ: Այս մասին կը գրէ «Պլումպըրկ»: Լրատու գործակալութեան տուեալներով` եւրոպացի ղեկավարները մտահոգուած են Ռուսիոյ հետ միասնաբար մշակուած խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցելու Միացեալ Նահանգներու փորձերով, ինչ որ խաթարած է Սպիտակ տան նկատմամբ վստահութիւնը եւ յառաջացուցած «գոյութենական հարցեր». Եւրոպան … Read more

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը` Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի, ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ լիբանանահայ գրասէր լսարանի: Յայտնենք, որ այս հատորի եւ իր հեղինակին արժեւորման համար յատկապէս Լիբանան ժամանած էին Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, Հայաստանի … Read more