Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առտու Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը:

Նախագահը պատուիրակութեան յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու է միջազգային որոշումներու գործադրութեան:

Ան կոչ ուղղեց իր առաքելութեան ամբողջացման մէջ աջակցելու լիբանանեան բանակին` մատնանշելով ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ բոլոր մակարդակներուն վրայ աշխատանքն ու զինադադարի հսկողութեան «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին հետ համակարգումը:

«Կարիքը ունինք իսրայէլեան կողմը մղելու, որպէսզի գործադրէ զինադադարն ու հեռացումը, եւ ձեր կողմէ Իսրայէլի վրայ ճնշումի կը սպասենք», յայտնեց Աուն:

«Բանակցութիւններուն նպատակը իսրայէլեան թշնամական արարքներու դադրեցումը, գերիներու տունդարձը, հեռացման ժամանակացոյցի ճշդումն ու վիճելի կէտերու հարցի կարգաւորումն է», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

Ան ըսաւ, թէ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ծիրին մէջ բանակցութեան ծիրին մէջ Լիբանանի կատարածը միջազգային ընտանիքը գոհացնելու համար չէ, այլ որովհետեւ ի շահ Լիբանանի է:

Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց միջազգային որոշումներու գործադրութեան ճամբով Լիբանանի մէջ կայունութեան եւ պետութիւններուն պատրաստակամութիւնը յայտնեց լիբանանեան բանակին ու անոր տեղակայման, ինչպէս նաեւ զէնքի մենաշնորհման գործադրութեան աջակցելու:

Պատուիրակութիւնը նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին քաղաքային մը միացնելու Լիբանանի քայլին:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Այն Թինէ այցելելով հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որ շեշտեց. «Կարելի չէ կրակոցի տակ բանակցութիւնը ընդունիլ»:

«Իսրայէլի պատերազմը եւ յարձակումը շարունակելը կը վերանորոգէ այս պատերազմը», զգուշացուց Պըրրի:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումի ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին կարիքը ունի աջակից միջազգային ուժի` որեւէ հաւանական բաց լեցնելու համար, ինչ որ կը նպաստէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդման:

 

Leave a Comment