Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Կը Ներառուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Շարքին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան առիթով, Վատիկան պաշտօնապէս ու հրապարակային կերպով յայտարարեց, թէ որոշած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ներառել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու ցանկին: Այս որոշումին համաձայն, 13 օգոստոսը ճշդուած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի յիշատակութեան օր: Շնորհալի հայրապետը կը նկատուի մեծ աստուածաբան եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ախոյեան: Յայտնենք, որ Լեւոն ԺԴ. պապը վեհափառ … Read more

«Լիբանանի Բաժանման Ծրագիրը Անվերադարձ Վերջ Գտած Է» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Շաբաթավերջին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրավիճակին առնչուող ներքին թէ արտաքին իրադարձութիւններուն: Ստորեւ, նշեալ զրոյցներու հիմնական կէտերը` սեղմ տողերու մէջ: «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Մալաֆֆաթ» («Թղթածրարներ») խորագրեալ յայտագիրի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի նշեց, … Read more

Հաղորդագրութիւն. Արժեւորե՛նք Հայ Մայրերուն Անփոխարինելի Դերը

Հայ մայրը, մարդակերտման իր սրբազան առաքելութեան կողքին, ունի վաղուան գիտակից, զարգացած եւ ազգային շունչով ու պայքարի ոգիով առաջնորդուող հայը պատրաստելու առաւել եւս դժուար պատասխանատուութիւնը: Այո՛, հայու կազմաւորման առաջին դարբնոցը հայ ընտանիքն է, եւ նորահաս ծիլերուն անդրանիկ ուսուցիչը` մայրը, որ իր օրինակով, իր կենցաղով, իր ապրելակերպով եւ իր յատկանիշներով վարակիչ կը դառնայ իր զաւակներուն` պահպանելով առողջ … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Հռոմի Մէջ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Կեդրոնը

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը՝ չորեքշաբթի, 20 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի հրաւէրին, իր պատուիրակութեամբ այցելեց Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կարճ արարողութեան աւարտին, հոգեւոր տէրը ողջունեց վեհափառ հայրապետին գալուստը՝ նշելով, որ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն միշտ գոյութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ … Read more

Լեւոն ԺԴ. Պապին Ողջերթի Խօսքը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, չորեքշաբթի, 20 մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան անդամներուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին ժողովուրդին հետ ունեցած շաբաթական հանդիպումին: Վատիկանի կարեւոր աւանդութիւններէն մէկը նկատուող յիշեալ հանդիպումներուն ներկայ կ՛ըլլան աշխարհի բոլոր շրջաններէն Վատիկան եկած հազարաւոր ուխտաւորներ: Սուրբ Պետրոսի պատմական հրապարակին վրայ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեան … Read more

«Իսրայէլի Թիրախը Հարաւի Ապազինումէն Անդին` Լիբանանի Միասնականութիւնն Ու Համակեցութիւնը Հարուածել, Երկպառակում Սերմանելն Է` Սկսելով Պէյրութէն» «Օ. Թի. Վի.»-ին Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

11 մայիսին լիբանանեան .«Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հիմնականին մէջ զրոյցը կեդրոնացաւ լիբանանեան ներքին թէ արտաքին քաղաքական հրատապ հարցերու վրայ: Ստորեւ` հարցազրոյցի գլխաւոր կէտերը: Նախ եւ առաջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ շղթայազերծուած պատերազմին գծով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի … Read more

Դասախօսութիւն Վատիկանի Մէջ. «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները Լուրջ Մարտահրաւէրներու Դիմաց Են» Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հրաւէրով Վատիկանի Կրեկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 19 մայիս 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը դասախօսութիւն տուաւ «Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Նախապէս երեք առիթներով վեհափառ հայրապետը նոյն համալսարանին մէջ հրապարակային դասախօսութիւններ տուած է: Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ վեհափառ կաթողիկոսին պատուիրակութեան անդամները: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը … Read more

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին 2026-ի Արդիւնքները

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական աւանդական շարադրական մրցանքը այս տարի տեղի ունեցաւ 21 փետրուար 2026-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ` երկրորդականի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններէն: Մասնակից վարժարաններն էին` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Վահան … Read more

Լիբանանը, Արցախը Եւ Միջին Արեւելքը` Քննարկումի Նիւթեր Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փարոլինի Միջեւ

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը` երկուշաբթի, 18 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ կարտինալ Փարոլինի հետ: Վերջինս վարչապետն է Վատիկանի եւ կը նկատուի երկրորդ կարեւոր անձը` պապէն ետք: Կարտինալը պատասխանատուն է Վատիկանի վարչական, քաղաքական եւ արտաքին յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն: Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ … Read more

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ ՆՍ Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Այս առաւօտ` Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը Վատիկանի մէջ առանձին հանդիպում ունեցաւ ՆՍ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ: Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ հետեւեալ նիւթերուն.- Զատկուան միացեալ թուականի ճշդում, բոլոր նահատակներու յիշատակութեան օր եւ Վատիկան Գ. Համաժողովի գումարում՝ կարեւորութեամբ ընդգծելով յիշեալ նիւթերուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը համաքրիստոնէական կեանքէն ներս: Ապա, անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ … Read more