Դասախօսութիւն Վատիկանի Մէջ. «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները Լուրջ Մարտահրաւէրներու Դիմաց Են» Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հրաւէրով Վատիկանի Կրեկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 19 մայիս 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը դասախօսութիւն տուաւ «Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Նախապէս երեք առիթներով վեհափառ հայրապետը նոյն համալսարանին մէջ հրապարակային դասախօսութիւններ տուած է:

Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ վեհափառ կաթողիկոսին պատուիրակութեան անդամները: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը սկսաւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով տագնապներով լեցուն Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ապա, ան լայնօրէն անդրադարձաւ երկու կարեւոր խնդիրներու.-

ա) Քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու անտեսումը իբրեւ քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ (բացի Լիբանանէն):

բ) Քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն:

Յիշեալ երկու դժուարութիւններուն առաջքը առնելու կարելիութիւններուն ուղղութեամբ իր տեսակէտները պարզեց վեհափառ հայրապետը: Ապա, ան շեշտեց, որ շրջանին մէջ քրիստոնէութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, որ ըլլայ իրատես եւ գործնական` համապատասխան աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու հոլովոյթին: Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը եօթը կէտեր ընդգծեց` իւրաքանչիւրին պարագային անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալով.- ա) ամուր կապուածութիւն ապրած երկիրներուն, բ) համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում, գ) կրօնական ինքնութեան եւ ազգային ինքնութեան փոխկապակցութիւն, դ) փոքրամասնութիւն ըլլալու հասկացողութեան յստակացում, ե) քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն, զ) սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակէն` գործողի դերակատարութիւն եւ է) ինքնակղզիացումէ ու ինքնապաշտպանութենէ` մասնակցութիւն:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ եկեղեցիներու միջեւ ամուր գործակցութիւն յառաջացնելու, հասարակաց գետիններ ճշդելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը ծաւալելու կարելիութիւններու մասին: Այս ուղղութեամբ ան Զատկուան միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց: Ան նաեւ ընդգծեց եկեղեցիներու կրթական առաքելութիւնը վերակազմակերպելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց որոշ կարելիութիւններ, միջեկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու գծով:

Իր դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն` իրենց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան ազդու միջոցներով նոր հունաւորում տալու: Միջին Արեւելքի պետական պատասխանատուներուն` իրենց երկիրներու կեանքին աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կարելիութիւնը տալու իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն: Արեւմտեան երկիրներուն` իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Եկեղեցիներու սփիւռքներուն` իրենց հաւատարմութիւնը գործնական միջոցներով ցոյց տալու թէ՛ իրենց մայր եկեղեցիներուն եւ թէ՛ իրենց հայրենիքներուն նկատմամբ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Միջկրօնական Երկխօսութեան Գործնական Արտայայտութիւն Տալ»

Վատիկանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներու շարքին, իւրայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հանդիպումը միջկրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր պատասխանատու կարտինալ Քուվաքատի հետ: Յիշեալ հանդիպումը, որ կայացաւ երկուշաբթի, 18 մայիս 2026-ի երեկոյեան, որոշ իմաստով շարունակութիւնն էր Ղազախստանի մէջ անցեալ ամառ նոյն կարտինալին հետ վեհափառ հայրապետին ունեցած միջկրօնական հարցերու քննարկումին:

Հանդիպման ընթացքին թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ կարտինալը շեշտեցին միջկրօնական երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ միջկրօնական հանդիպումներուն օրակարգը նաեւ անհրաժեշտ է, որ ընդգրկէ ներկայ ընկերութիւններու առնչուած հարցեր. օրինակ` կենսոլորտ, բռնութիւն, ճարտարագիտութիւն, բարոյագիտական հարցեր եւ այլն… Յաճախ կատարուող միացեալ յայտարարութիւններէ անդին, կարեւոր է խաղաղ համակեցութիւն ու կառուցողական գործակցութիւն ստեղծել կրօններու միջեւ` աշխարհը յուզող հարցերու շուրջ: Համակեցութիւնը այլեւս դարձած է անհրաժեշտութիւն համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ: Հետեւաբար, բոլոր կրօնները պարտաւոր են միասին ապրելու` փոխադարձ հասկացողութեան դրական մթնոլորտի մէջ, նշեց վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը երկար դարեր ապրած է իսլամութեան հետ եւ կը շարունակէ ապրիլ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը կարտինալին հետ Ղազախստանի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծած էր Վատիկանի Կրեկորեան համալսարանին մէջ շուրջ տարի մը առաջ Ազրպէյճանի կազմակերպած համագումարի հարցը, ուր միակողմանի մօտեցումներ կատարուած էին Արցախի եւ Հայ եկեղեցւոյ մասին: Վեհափառ հայրապետը դարձեալ այս մտահոգութեան անդրադարձաւ այն սպասումով, որ ակադեմական կեդրոնները առարկայական մօտեցում ունենան իրենց կողմէ եւ նոյնիսկ իրենց յարկին տակ քննարկուող նիւթերու գծով:

Կարտինալը համաձայն գտուեցաւ վեհափառ հայրապետի տեսակէտին` ընդլայնելու միջկրօնական հանդիպումներու օրակարգը` ներառելով ընկերութիւնը յուզող այժմէական հարցեր: Ան նաեւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ Ազրպէյճանի հետ Վատիկանի ունեցած երկխօսութեան, միաժամանակ շեշտելով, որ վեհափառ հայրապետին արծարծած հարցերուն շուրջ իր բաժանմունքը անհրաժեշտ աշխատանքները պիտի շարունակէ կատարել:

Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կարտինալ Քուվաքատին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը:

 

Leave a Comment