Հայ մայրը, մարդակերտման իր սրբազան առաքելութեան կողքին, ունի վաղուան գիտակից, զարգացած եւ ազգային շունչով ու պայքարի ոգիով առաջնորդուող հայը պատրաստելու առաւել եւս դժուար պատասխանատուութիւնը:
Այո՛, հայու կազմաւորման առաջին դարբնոցը հայ ընտանիքն է, եւ նորահաս ծիլերուն անդրանիկ ուսուցիչը` մայրը, որ իր օրինակով, իր կենցաղով, իր ապրելակերպով եւ իր յատկանիշներով վարակիչ կը դառնայ իր զաւակներուն` պահպանելով առողջ սերնդափոխութիւնը եւ ազգային գաղափարախօսութեան շարունակականութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները լաւապէս կ՛ընկալեն հայ մօր կարեւորութիւնը մեր միջավայրին մէջ, եւ այս առնչութեամբ անցնող տարիներու քաջալերական փորձերէն ետք, որոշած են այսուհետեւ մայիս ամիսը յատկացնել հայ մայրերուն` արժեւորելով անոնց դերն ու ներդրումը մեր պատանիներու կազմաւորման մէջ:
Առ այդ, 23-24 մայիս 2026-ին իւրաքանչիւր պատանեկան միութիւն իր շրջանին մէջ պիտի կազմակերպէ մայրերուն նուիրուած հաւաք` իւրաքանչիւր շրջանի պայմաններուն ու մթնոլորտին համապատասխան: Նշեալ հաւաքները առիթ պիտի հանդիսանան մայր-պատանի-միութիւն կապերը ամրապնդելու եւ շնորհաւորելու հայ մայրերուն տօնը:
Այս առիթով պէտք չէ մոռնալ հերոսածին մայրերը, որոնք հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին նուիրաբերեցին իրենց ամէնէն թանկագինը` իրենց զաւակները, յանուն հայրենիքին ու Դատին:
Վերջապէս, բոլորս պարտաւոր ենք հաւաքաբար գնահատելու մեր ազգային իրականութեան մէջ հայ մայրերուն նուիրական գործը, որ անփոխարինելի է:
Ձե՛ր տօնը շնորհաւոր, սիրելի՛ հայ մայրեր:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ