«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին 2026-ի Արդիւնքները

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական աւանդական շարադրական մրցանքը այս տարի տեղի ունեցաւ 21 փետրուար 2026-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ:

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ` երկրորդականի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններէն: Մասնակից վարժարաններն էին` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:

Մրցանքին դատական կազմը, բաղկացած` Շուշիկ Մաւիսագալեանէ, Արին Գալուստեանէ եւ Ժաք Յակոբեանէ, շարադրութիւններու սրբագրութենէն ետք մրցանակակիրներ նկատեց հետեւեալները.

Երկրորդական

Առաջին.- Յովիկ Խաչիկեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):
Երկրորդ.-  Նարօտ Թազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երրորդ.-  Քրիսթել Գազանճեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Պատուոյ յիշատակութիւն.-  Յովհաննէս Սաղիրեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), Լոռի Ճապրայեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան) եւ Լոռի Զէյթլեան (Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան):

Միջնակարգ

Առաջին.- Կալի Գարամանուկեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երկրորդ.- Նարեկ Շիրէճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երրորդ.- Ճոնի Շահպազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ Գայիանէ Տեմիրճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Սիրուն Յակոբեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Բալենի Աւագեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան) եւ Սեւան Ճապրայեան (Ազգային Միացեալ վարժարան):

Նախակրթարան

Առաջին.- Շարպել Պաշիր (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան):
Երկրորդ.- Բիւզանդ Այվազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երրորդ.- Խաչիկ Էթոյեան (Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Արմոն Տագէսեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Սառա Սերոբեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան), Տեսիլա Հայկեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):

Ջուլհաճեան ընտանիքին որոշումով մրցանակակիրները պիտի արժանանան նիւթական պարգեւներու եւ յատուկ հաստատագիրներու, որոնց տուչութիւնը կը կատարուի համապատասխան հանդիսութեամբ:

Այս առիթով Ուսումնական խորհուրդը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ` Ջուլհաճեան ընտանիքին, մրցանքի դատական կազմին, մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, հայերէնի ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ շարադրական մրցանքին մասնակցած աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք նահատակ ազատամարտիկի կտակին հաւատարիմ` հայ գիրով ու գրականութեամբ կը նպաստեն ազգային հաւաքական մեր ինքնութեան պահպանման գոյապայքարին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Leave a Comment