Լեւոն ԺԴ. Պապին Ողջերթի Խօսքը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, չորեքշաբթի, 20 մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան անդամներուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին ժողովուրդին հետ ունեցած շաբաթական հանդիպումին: Վատիկանի կարեւոր աւանդութիւններէն մէկը նկատուող յիշեալ հանդիպումներուն ներկայ կ՛ըլլան աշխարհի բոլոր շրջաններէն Վատիկան եկած հազարաւոր ուխտաւորներ:

Սուրբ Պետրոսի պատմական հրապարակին վրայ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեան տեղի ունեցած արարողութեան սկիզբը, Լեւոն ԺԴ. պապը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ներկայացուց ժողովուրդին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շատ ուրախ եմ բարի գալուստ մաղթելու նորին սրբութիւն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ իրեն ընկերացող պատուարժան պատուիրակութեան: Այս եղբայրական այցելութիւնը կը ներկայացնէ կարեւոր առիթ մը` ամրապնդելու համար միութեան կապերը, որոնք արդէն գոյութիւն ունին մեր միջեւ, մինչ կը մօտենանք մեր եկեղեցիներու լիակատար միութեան: Ձերդ սրբութի՛ւն, այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք տօնելու Հոգեգալուստը, Սուրբ Հոգիին շնորհքը կը հայցեմ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու դամբարաններուն ձեր կատարելիք ուխտագնացութեան վրայ, եւ կը հրաւիրեմ բոլոր ներկաները ջերմեռանդօրէն աղօթելու առատաձեռն Տիրոջ, որպէսզի ձեր այցելութիւնն ու հանդիպումները յաւելեալ քայլ հանդիսանան դէպի լիակատար միութիւն տանող ճամբուն վրայ: Աղօթենք նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, որոնք դարձեալ յօշոտուած են բռնութեամբ եւ պատերազմով: Բարի եկած էք, Ձերդ սրբութի՛ւն, սիրելի՛ եպիսկոպոսներ եւ սիրելի՛ բարեկամներ: Միասնաբար հայցենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ, ամէնէն առաջ, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի անոնք լուսաւորեն մեր ուղին դէպի այն լիակատար միութիւնը, զոր բոլորս կը բաղձանք»:

Ապա, Սուրբ Պետրոս հրապարակի բեմին վրայ, ժողովուրդին ներկայութեան, պապը եւ վեհափառ հայրապետը եղբայրական սիրոյ ողջագուրումով եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ տուին:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետին պատուիրակութիւնը երգեց «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը, ուր յիշուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լեւոն ԺԴ. պապին անունները:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Ընդհանուր Պատասխանատու Կարտինալ Կուճերոթիի

Երեքշաբթի, 19 մայիս 2026-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու ընդհանուր պատասխանատու կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի հետ: Նշենք, որ կարտինալ Կուճերոթի լաւատեղեակ է հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան` թէ՛ իր մասնագիտութեան ճամբով եւ թէ՛ Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ իբրեւ պապական նուիրակ իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ:

Կարտինալ Կուճերոթի խօսք առնելով` ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Վատիկան: Մօտէն ծանօթ ըլլալով վեհափառ հայրապետին եւ յատկապէս անոր միջեկեղեցական աշխարհին մէջ ունեցած լայն տեղեկութիւններուն եւ զանազան առիթներով Վատիկան կատարած այցելութիւններուն, ան վեհափառ հայրապետին ներկայ այցելութիւնը նկատեց պատմական, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի դիմագրաւած դժուար պայմանները: Կարտինալը անդրադարձաւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սերտ յարաբերութեան:

Վեհափառ հայրապետին խօսքը առաւելաբար ընդգրկեց Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ հայ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան միջեւ գործակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան յայտնեց, որ ինք միշտ եղած է ջատագովը գործակցութեան, յատկապէս ընդհանրական հարցերու շուրջ, միաժամանակ վեր առնելով գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ ծաւալելու կարիքը:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` յայտնելով, որ արտագաղթը մեծապէս վնասած է քրիստոնեայ համայնքներու ազդու ներկայութեան ու դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` կարգ մը շրջաններու մէջ ծայրայեղ իսլամներու ցուցաբերած խտրական մօտեցումին: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս գծով Վատիկանի աջակցութիւնը:

Խօսք առաւ նաեւ կարտինալին փոխանորդը` Միշել Ժալխ եպիսկոպոսը եւ յիշեց վեհափառ հայրապետին հետ իր ունեցած սերտ գործակցութիւնը եւ ցուցաբերած օժանդակութիւնը, երբ տարիներ առաջ ինք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարն էր:

Վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան եւ կարտինալ Կուճերոթիի բաժանմունքի անձնակազմին ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին, առանձին մտերմիկ հանդիպում մը կայացաւ վեհափառ հայրապետին եւ կարտինալի միջեւ: Արծարծուեցան Արցախի առնչուած հարցեր եւ մանաւանդ հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման խնդիրը: Կարտինալը մօտէն ծանօթ ըլլալով եւ այցելութիւն տուած ըլլալով Ազրպէյճան` անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին:

Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետը կարտինալ Կիւճերոթիի նուիրեց Նարեկ աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին կրկնօրինակը եւ իր հեղինակած Ներսէս Շնորհալիի նուիրուած աշխատանքը:

 

Leave a Comment