«Ինալքօ» (Institut national des langues et civilisations orientales) մաս կը կազմէ Փարիզի Սորպոն Համալսարանին. բարձր վարկ կը վայելէ իր Հայկական եւ յատկապէս Արեւմտահայ մշակոյթի բազմազան երեսակներուն նուիրուած դասընթացից համար, համայն աշխարհէն բարձրորակ ուսանողներ հրապուրելով, եւ եզակի է իր տեսակին մէջ։ Առ ի հետաքրքրութիւն՝ 1900-ական թուականներուն անուանի Antoine Meillet լեզուաբանը, որ Հրաչեայ Աճառեանի ուսուցիչը եղած է, եւ որուն անունը կրող Hübschmann-Meillet տառադարձութեան համակարգը ցայսօր կը կիրարկուի, սոյն հաստատութեան մէջ ծառայած է իբր գիտապետ (երբ տակաւին École nationale des langues orientales vivantes կը կոչուէր)։ Ներկայիս հաստատութիւնս, ղեկավարութեամբ գիտապետուհի Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի՝ տարիներէ ի վեր մեր մշակոյթի պահպանման, սատարման, զարգացման ու տարածման կը ձգտի։ Ըստ այդմ՝ այժմ Իւթիւճեան Սրկ. հրաւիրուած է յառաջիկայ տարին իր հմտութիւնները եւ իր ուրոյն տարափոխիկ խանդավառ ոգին նոյն ուղղութեամբ ի գործ դնելու։