ՀՄԸՄ-ի Առաջին Նաւապտոյտը Կը Պսակուի Մեծ Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի եւրոպական առաջին նաւապտոյտը, Դանուբ գետին վրայ, այսօր` երկուշաբթի, 20 յուլիսին իր աւարտին կը հասնի «Անապելլա» նաւուն Պուտափեսթ ժամանումով:

Արդարեւ, երկուշաբթի, 13 յուլիսին, Գերմանիոյ Վիլշոֆըն քաղաքէն ճամբայ ելած նաւը, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Սլովաքիոյ վեց քաղաքները շրջելէ ետք, այսօր իր վերջին կանգառը կը դարձնէ Հունգարիոյ մայրաքաղաքը:

Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին, նաւապտոյտը 130 մասնակիցներուն գեղեցիկ առիթը ընծայեց, ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ, ծանօթանալու քաղաքակրթական մեծ արժէքով, շքեղ ճարտարապետութեամբ, պատմութիւնն ու արդիականութիւնը իրարու միաձուլող եւրոպական դարաւոր քաղաքներու: Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, նաւապտոյտի մասնակիցները յիշատակելի այցելութիւն մը տուին Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոն եւ ծանօթացան եկեղեցական-մշակութային ու ազգային անոր մեծ աւանդին:

Նաւապտոյտի մասնակիցներուն երեկոները խանդավառեցին հանրածանօթ արուեստագէտներ Գեւ Օրգեան, Յակոբ Մկրտիչեան եւ Տի.Ճէյ. Արամ:

 

Leave a Comment