Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարը երէկ` երեքշաբթի, 21 յուլիսին, Երեւանի մէջ իր աշխատանքները շարունակեց երկու նիստով եւ երկու այցելութեամբ:
Առաւօտեան, համագումարին մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր եւ ներկայ գտնուեցան սկաուտական «Արարատեան» կարգի 61 մասնակիցներու փողկապներու տուչութեան: Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց մատրան մէջ փողկապները օրհնեց Դադիվանքի նախկին վանահայր, մատրան հոգեւոր հայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանը:
Ապա, համագումարի մասնակիցներն ու «Արարատեան» կարգի բարձրաստիճան սկաուտները ուղղուեցան Եռաբլուրի յուշապատին մօտ, ուր ՀՄԸՄ-ի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան:
Այս առիթով, ներկաներուն Կեդրոնական վարչութեան պատգամը փոխանցեց Թալին Օրտողլեան, որ նշեց, թէ Եռաբլուրի մէջ փոխանցուող փողկապները սովորական վզկապներ չեն, այլ անոնց վրայ կը տեսնուի խրոխտ ու վեհ Արարատին խորհրդապատկերը: Ան դիտել տուաւ, որ այսուհետեւ փողկապին արժանացողներուն կը մնայ ճշդել, թէ ինչպէ՞ս պիտի գործածեն եւ ինչպէ՞ս պիտի արժեւորեն զանոնք` աշխատանքով, կեցուածքով, ՀՄԸՄ-ի նպատակն ու սկզբունքները անխախտ եւ անեղծ պահելով:
Այս առիթով սրտի խօսքեր փոխանցեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեան: Ապա, Կեդրոնական վարչութեան ներկայ 8 անդամները «Արարատեան»-ի փողկապները յանձնեցին կարգին արժանացող սկաուտներուն: «Արարատեան»-ի փողկապ մըն ալ յանձնուեցաւ Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանին:
Հնչեց ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ, նահատակ» քայլերգը, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ խոնարհեցին յանուն հայութեան եւ Արցախին զոհուած հերոսներու եւ անոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ական նահատակներու շիրիմներուն:
Համագումարին Նիստերը
Եռաբլուրէն վերադառնալով` քարոզչական համագումարը յաջորդական երկու նիստով լսեց երկու զեկուցում:
Առաջին նիստին դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան զեկուցեց «ՀՄԸՄ-ի քարոզչական ռազմավարութիւնը, հանրային կապերու կազմակերպական համակարգն ու գործելաոճը» նիւթին շուրջ: Զեկուցումին յաջորդեց քննարկում:
Երկրորդ նիստին Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Շանթ Տէմիրճեան ներկայացուցին «ՀՄԸՄ-ի ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ» նիւթը: Յաջորդեցին աշխատանիստեր:
«Երկիր Մետիա» Այցելութիւն
Համագումարի երկրորդ օրուան երկու նիստերուն միջեւ, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, մասնակիցները այցելեցին «Երկիր Մետիա» եւ ծանօթացան 22 տարուան վաստակ եւ հռչակ ունեցող հայրենի լրատուական կեդրոնի պատմութեան, աշխատանքի եղանակին ու ծրագիրներուն:
ՀՄԸՄ-ական այցելուները դիմաւորեցին եւ համապատասխան բացատրութիւններ ներկայացուցին «Երկիր Մետիա»-ի երկարամեայ աշխատակից Արթուր Մկրտչեան եւ «Երկիր» լրատուական կայքէջի խմբագիր Վահէ Սարգսեան: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ «Երկիր Մետիա»-ի աշխատանքները գնահատող խօսք արտասանեց եւ յատուկ յուշանուէր փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ քարոզչական աշխատանքներու պատասխանատու Վիգէն Աւագեան:
Ապա, այցելուները շրջեցան կեդրոնին զանազան բաժինները, ծանօթացան հեռասփռումի նիւթերու պատրաստութեան եւ սփռման զանազան բաժիններուն: Աւարտին, անոնք յատուկ փորձառութիւն մը ունեցան «Երկիր Մետիա»-ի գլխաւոր տաղաւարին մէջ կարճ տեսանիւթ մը նկարելու: Տեսանիւթը ընկերային ցանցերով կը հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն: