վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի լիբանանի շրջանային նորընտիր վարչութիւնը

Երեքշաբթի, 24 փետրուար 2026-ի երեկոյեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի, ստանալու համար հայրապետին օրհնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան` զայն նկատելով մարդակերտումի ու հայակերտումի դպրոց, ուր մեր զաւակները ոչ միայն մարմնամարզական կրթութիւն կը ստանան, այլեւ կը լեցուին հոգեւոր, … Read more

Սարգիս Մահսէրէճեանի Յուշ-Հանդիպում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը ծրագրած է կազմակերպել Սարգիս Մահսէրէճեանի յիշատակին նուիրուած յուշ-հանդիպում մը: Առ ի պատրաստութիւն այդ հանդիպումին, կը խնդրենք «Ազդակ»-ի  աշխատակազմին մաս կազմած արտասահմանի նախկին անդամներէն իրենց վկայութիւնը վիտէօ ձեւաչափով փոխանցել  what՛s app-ի հետեւեալ  թիւին` +9613158268 (Սեւակ Սաղպազարեան): Վիտէոյին տեւողութեան համար նկատի ունենալ 5 վայրկեան:  

Ռամատանի Եւ Մեծ Պահքի Ծոմապահութեան Զուգադիպութեան Առիթով Բագրատունիի Գրառումը

ՀՅԴ Բիրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Ռամատան ամսուան եւ Մեծ պահքի ծոմապահութեան զուգադիպութեան առիթով դիմատետրեան իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ռամատանի եւ Մեծ պահքի զուգադիպութիւնը մեր հայրենիքին մէջ համակեցութեան ամէնէն գեղեցիկ պատկերն է: «Իր արժէքով մէկ եւ աւանդութիւններով բազմազան պահեցողութիւնը մեզ կը միախմբէ սիրոյ, ողորմութեան եւ զօրակցութեան մէջ»: … Read more

Կառավարութեան Վերջին Որոշումին Վերաբերեալ Բագրատունիի Գրառումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Յաւելուած արժէքի տուրքը (Թէ.Վէ.Ա.) եւ պենզինի տուրքը աւելցնելու կառավարութեան որոշումէն ետք, լիբանանցիներուն այս կառավարութեան նկատմամբ յոյսը վերածուեցաւ մղձաւանջի: Նշանակումներէն ու բարեկարգումներու խոստումներէն ետք, եկան աշխատավարձերու յաւելումներու պատրանքով որոշումները: «Զինուորականներու ամսականներուն յաւելումը ի՞նչ օգուտ ունի, երբ անոնց սպառածին ճամբով այդ յաւելումը անոնցմէ … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Բարեմաղթանքը` Ռամատան Ամսուան Սկզբնաւորութեան Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Ռամատան ամսուան առիթով լիբանանցիներուն հետեւեալ բարեմաղթանքը յղեց ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն միջոցով. «Ռամատան օրհնաբեր ամսուան սկզբնաւորութեան առիթով ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր խորին շնորհաւորութիւնները եւ լաւագոյն բարեմաղթանքները կը յղէ բոլոր լիբանանցիներուն` Աստուծմէ հայցելով, որ այս առիթը բարիք եւ խաղաղութիւն բերէ բոլորին եւ մեր հայրենիք Լիբանանին: Օրհնաբեր Ռամատան եւ ամենայն բարիք` բոլորին»:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Շիի Համայնքի Հոգեւոր Պետը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 17 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի շիի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Խաթիպը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին համայնքի խորհուրդի անդամները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանի միջհամայնքային գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները:  

Հայկական Երեսփոխանական Պլոք. «Պահ Դրուած Գումարներու Սեփականատէրերու Իրաւունքը Քաղաքական Հարց Չէ, Այլ Սկզբունքային, Օրինական Ու Բարոյական Հարց»

«Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու պոռթկումը» միութիւնն ու Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող ֆրանսացի լիբանանցիներուն միութիւնը Հայկական երեսփոխանական պլոքին հետ գումարեցին ընդլայնուած ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին օրէնսդրական ու ելեւմտական վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար այն օրինագիծը, որուն որդեգրումը կառավարութիւնը կը ջանայ ապահովել, եւ որ կը բովանդակէ կէտ մը պահ դրուած սեփանակատէրերուն  գումարները վերածելու անյայտ … Read more

Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պոլքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 21-ամեակին առիթով ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակի ոգեկոչումին, զայն կը յիշենք սիրով եւ կը վերանորոգենք մեր կառչածութիւնը Լիբանանի պետութեան, գերիշխանութեան եւ արդարութեան նկատմամբ: Ողորմութիւն իր հոգւոյն»:  

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին` Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին: Սաղմոսասացութիւններու, աղօթասացութիւններու եւ աւետարանական ընթերցանութիւններու աւարտին կատարուեցաւ հոգեպարար աւանդական Անդաստանի արարողութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: … Read more

Այժմէական Չորս Հրատարակութիւն՝ Կաթողիկսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Ճամբով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբին առցանց նիստը կայացաւ Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2026-ին, Պէյրութի ժամով 19:00-ին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Հայրապետը նախ պարզեց Հիմնադրամի ժողովական կեանքի առկախման պատճառները՝ կապուած Լիբանանի տնտեսական եւ յատկապէս դրամատնային կացութեան հետ։ Այնուհետեւ վերահաստատուեցաւ յանձնախումբի կազմը.- Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, … Read more