«Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու պոռթկումը» միութիւնն ու Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող ֆրանսացի լիբանանցիներուն միութիւնը Հայկական երեսփոխանական պլոքին հետ գումարեցին ընդլայնուած ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին օրէնսդրական ու ելեւմտական վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար այն օրինագիծը, որուն որդեգրումը կառավարութիւնը կը ջանայ ապահովել, եւ որ կը բովանդակէ կէտ մը պահ դրուած սեփանակատէրերուն գումարները վերածելու անյայտ ճակատագիրով պարտատոմսերու, ինչ որ ուղղակի կերպով կ՛ոտնահարէ անհատական սեփականութեան իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է Լիբանանի սահմանադրութեամբ:
Երկու միութիւններուն ներկայացուցիչները ընդունուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի կողմէ:
Միութիւնները ժողովի սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքին` կառավարութեան մէջ, թէ դուրս իր յստակ դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ բացայայտ մերժմանը համար որեւէ բանաձեւի, որ կը յանգեցնէ պահ դրուած գումարներու չեղեալ նկատուելուն կամ ելեւմտական քայքայումին գինը այդ գումարներու սեփականատէրերու ուսերուն բեռցնելուն: Անոնք այդ դիրքորոշումը նկատեցին պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու օրինական իրաւունքներու պաշտպանման երթին մէջ հիմնական քայլ մը:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր կարգին հաստատեց, որ համաձայն չէ որեւէ նախագիծի կամ ծրագիրի, որ կը հակասէ սահմանադրութեան եւ գործող օրէնքներու կէտերուն, եւ պիտի չընդունի որեւէ առաջարկ, որ կը խախտէ անհատական սեփականութեան իրաւունքը կամ կը յանգեցնէ պահ դրուած գումարներու չեղարկման, կամ զանոնք չերաշխաւորուած կամ տեւողութիւնն ու արժէքը չճշդուած ֆինանսական գործիքներու վերածման:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը շեշտեց, թէ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու իրաւունքը քաղաքական հարց չէ, այլ սկզբունքային, օրինական եւ բարոյական հարց: