ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Բարեմաղթանքը` Ռամատան Ամսուան Սկզբնաւորութեան Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Ռամատան ամսուան առիթով լիբանանցիներուն հետեւեալ բարեմաղթանքը յղեց ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն միջոցով.

«Ռամատան օրհնաբեր ամսուան սկզբնաւորութեան առիթով ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր խորին շնորհաւորութիւնները եւ լաւագոյն բարեմաղթանքները կը յղէ բոլոր լիբանանցիներուն` Աստուծմէ հայցելով, որ այս առիթը բարիք եւ խաղաղութիւն բերէ բոլորին եւ մեր հայրենիք Լիբանանին: Օրհնաբեր Ռամատան եւ ամենայն բարիք` բոլորին»:

Leave a Comment