Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Շիի Համայնքի Հոգեւոր Պետը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 17 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի շիի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Խաթիպը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին համայնքի խորհուրդի անդամները:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանի միջհամայնքային գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները:

 

Leave a Comment