«Ազատամարտ» Ակումբէն Քայլարշաւ Դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ աւանդական քայլարշաւ «Ազատամարտ» ակումբէն Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:

Քայլարշաւին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի տարազաւորները , ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի անդամները, «Ազատամարտ-Մուրատ» պատանեկան միութեան անդամները, ԼՕԽ-ականներ ու հայորդիներ:

Խորհրդաւոր էր պատկերը սկաուտներուն, յատկապէս մոկլիներուն, արծուիկներուն եւ գայլիկներուն, որոնք մէկական ծաղիկ իրենց ձեռքին` խրոխտ քայլերով ու հաստատակամ կ՛ընթանային յառաջ` յուշելով, որ հայութեան յոյսն են ու ապագային, եւ որ Հայ դատը հետապնդողներ ունի անպայման:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին շրջափակին մէջ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի քայլերգները: Ապա Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:

Սկաուտներուն, պատանիներուն եւ քայլարշաւի մասնակիցներուն խօսք ուղղեց Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական  եպիսկոպոս Գրիգոր Պատիշահ, որ յուշակոթողը ներկայացուց իբրեւ սրբագործուած խորան, որովհետեւ անոր վերեւ կը գտնուի խաչը` քրիստոնէութեան խորհրդանիշը: Ան նշեց, որ ապրիլ 24-ը թէեւ արիւնոտ էջ է Հայոց պատմութեան մէջ, սակայն նաեւ պանծալի էջ է բոլորիս համար, որովհետեւ մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակները չուզեցին ուրացող ըլլալ, այլ հաւատարիմ մնացին իրենց եկեղեցւոյ ու սրբութիւններուն, նաեւ իրենց հողին: Ան այս մէկը դաս նկատեց Հայոց պատմութեան էջերէն մեզի փոխանցուած, իսկ մենք պարտինք ականջ տալ անոր ու սորվիլ անցեալէն:

Գրիգոր եպս. Պատիշահ դիտել տուաւ, որ այսօր նոր են մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, որոնց գլխաւորներէն են օտարամոլութիւնն ու անտարբերութիւնը, իսկ ասոնց ենթարկուելով մենք մեզ կը բնաջնջենք եւ կը կատարենք այն, ինչ որ թշնամին չկրցաւ ընել: Ամէն անգամ որ մենք տէր չենք մեր աւանդութիւններուն, մշակոյթին, սրբութիւններուն, մենք իրականացուցած կ՛ըլլանք թշնամիին բնաջնջման ծրագիրը:

Ան կոչ ուղղեց այս յուշակոթողին առջեւ իսկ վերանորոգելու մեր ուխտը հանդէպ նահատակներուն` ըլլալու միասնական, հաւատարիմ մնալու մեր ժառանգութեան, շարունակելու Հայ դատի հետապնդման ճամբան առանց յուսահատելու եւ ընկրկելու` շեշտելով, որ վճռակամ կերպով յառաջանալով անպայման պիտի հասնինք մեր նպատակին:

Ան երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ, թէ իրե՛նք պիտի կերտեն փայլուն ու պատուաբեր ապագան` շեշտելով, որ պէտք է գիտակցինք մեզի փոխանցուած սուրբ նահատակներուն կտակին եւ յարգենք զայն:

 

Leave a Comment