Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Արձագանգը Լիբանանեան Մամուլի Եւ Ընկերային Ցանցերու Էջերէն

Պատրաստեց՝ ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս լիբանանեան մամուլը արձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին եւ այս առիթով կազմակերպուած (24 նպրիլ 2026) ոգեկոչման ձեռնարկներուն` անդրադառնալով մասամբ յօդուածներով, թղթակցութիւններով կամ անհատական տեսակէտներով ընկերային ցանցերու զանազան հարթակներուն վրայ: Ստորեւ` նշեալ արձագանգներու ամփոփ զեկուցումը: Բնականաբար բոլոր թերթերն ու ընկերային ցանցերու լրատուական էջերը կամ կայքերը անդրադարձան Լիբանանի  նախագահ Ժոզեֆ … Read more

Խապրիկներ Եգիպտոսէն. Հոյպունի Մասին Գիտական Մենագրութիւն Կը Պատրաստէ

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ Կիրակի, 10 մայիսի երեկոյեան Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ պատմաբան, փրոֆեսէօր եւ հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան նուիրուած դոկտ. Մոհամետ Ռիֆհաթին, որ Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչ բժ. Արմէն Մազլումեանին կը ներկայացնէր «Մուսթաֆա Քեմալ. պայքար Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ (1919-1921 թթ.)» վերնագրուած Հայաստանի ակադեմիկոս, թրքագէտ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեանի աշխատասիրութեան արաբերէն թարգմանութեան եւ հրապարակման աշխատանքներու ընթացքը: Խօսքի … Read more

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Թուրքական Կցորդ Կամ Տնօրինել Սեփական Ճակատագիրը

Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտով թւում էր, թէ մարդկութիւնը պատմութեան աղբանոցն ուղարկեց համաշխարհային կայսերապետութեան ձգտող վերջին խելագարին: Արիւնահեղութեան հսկայ բաղնիքում ֆաշիզմի ու ցեղապաշտութեան գաղափարախօսութեանը զոհ գնացած մարդկանց թիւը, ներառեալ` տարբեր տարածաշրջաններում բռնկուած պատերազմների պատճառով ծագած սովի ու համաճարակների զոհերը, հաշւուում է մինչեւ 80 միլիոն մարդ: Նիւրենպերկեան միջազգային դատավարութիւնը, Գերմանիայում, Ճափոնում, Իտալիայում, ինչպէս եւ վերջիններիս դաշնակից այլ … Read more

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի 4-րդ Թիւը

Հրապարակուած է ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի այս տարուան չորրորդ թիւը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Ընթերցողը «Հայ դատ» խորագիրին ներքոյ կը ծանօթանայ 111 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն վերաբերող նիւթեր, մամուլին մէջ անոնց արձագանգներուն, ինչպէս նաեւ իրաւական, քաղաքական բեմերու վրայ` իբրեւ գործընթաց մը, որ կը շարունակուի տարբեր դրսեւորումներով: Միաժամանակ` իբրեւ գործընթաց մը, որ իր պատմական … Read more

Դպրեվանքեան Ոգին. Եղբայրասիրութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Առիթով մը, երբ աշակերտական հաւաք կը կատարէինք,  դպրեվանեցիներուն հարցուցի, թէ դպրեվանքէն ներս ի՛նչ բանը ամէնէն շատ կը սիրեն: Անկեղծ ըսած, զարմացայ, որ մեծ թիւով աշակերտներ տուին նոյն պատասխանը` «եղբայրասիրութիւն»: Նիշ տալու «հաշիւներ» չկային, որպէսզի ենթադրէի, որ անոնք կ՛ուզէին լաւ պատասխան մը տալ: Ո՛չ: Յստակօրէն զգալի էր, թէ զիրենք դպրեվանքին կապող ամէնէն … Read more

Փարիզէն Զգաստութեան (Հերթական) Հրաւէր Կազմակերպուած Սփիւռքին

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Փարիզի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին պատահածը զգաստութեան հրաւէր է ամբողջ սփիւռքին: Արցախը յանձնած իշխանութիւններէն սպասելի էր, որ Արցախի ներկայացուցիչը չհրաւիրէին ձեռնարկին: Բայց թեմի առաջնորդն ու ֆրանսահայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը հրաւիրեալներու ցանկէն դուրս ձգելը համայնքի՛ն նկատմամբ անարգանք է: Միաժամանակ անիկա այս իշխանութիւններուն ապերախտութեան եւ ոխակալութեան ցուցանիշն է: Ապերախտութիւն` որովհետեւ … Read more

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի. Միջոց Եւ Ոչ` Նպատակ (Արհեստական Բանականութիւնը Եւ ՀՄԸՄ-ը)

Աշխարհը կ՛ապրի արագ զարգացող արհեստագիտական ժամանակի մը մէջ: Ամէն օր կը ստեղծուին նոր միջոցներ եւ կարելիութիւններ, որոնք կը փոխեն` մեր կեանքին ձեւը, աշխատանքին ընթացքը եւ հաղորդակցութեան եղանակը: Նորութիւններու շարքին լայն տեղ կը գրաւէ արհեստական բանականութիւնը` ԱԲ-ն, որ մեծ ազդեցութիւն ունի կրթութեան, գիտութեան, քարոզչութեան եւ հասարակական կեանքի զանազան մարզերուն մէջ: Հայ կեանքը եւ ՀՄԸՄ-ը եւս հեռու … Read more

«Տաղարան»-ը Նշում Է Իր 45-Ամեակը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Մ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ Տարին յոբելենական է «Տաղարան»-ի համար. հնագոյն երաժշտութեան համոյթը տօնում է իր 45-ամեակը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սեդրակ Երկանեան: Մօտ կէսդարեայ պատմութիւն կերտած այս բացառիկ համոյթը, իր տաճարային երաժշտութեամբ, անտարբեր չի թողնում անգամ ամենաբծախնդիր հանդիսատեսին: Իւրաքանչիւր համերգի «Տաղարան»-ը ներկայանում է նոր շնչով, ժամանակին համընթաց, ակադեմական բեմահարթակից հնչեցնելով 5-15-րդ դարերի … Read more

Փառք Այն Երիտասարդութեան, Որուն Պայքարի Զրահը Վիգէնն Է*

ԱՐԱԶ ԷԼԷՅՃԵԱՆ «Ես կ’ուզեմ Արարատը, Հայաստանը, կ’ուզեմ ազատ, անկախ ու գեղեցիկ Հայաստանը, կ’ուզեմ տեսնել զայն, համբուրել այն հողը, որուն մէջ կան հայ գիւղացիին, հայ զինուորին, հայ թագաւորին, հայ յեղափոխականին արիւնն ու քրտինքը: «Կ’ուզեմ այդ հողէն, կ’ուզեմ, որ ան միշտ մնայ գրպանիս մէջ, հոգ չէ թէ ան աղտոտէ հագուստներս, որովհետեւ անոր աղտոտութիւնը պիտի չերեւի, այլ անիկա … Read more

Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատիկէն քառասուն օր ետք` հինգշաբթի օր, կը նշէ Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Համբարձման տօնը կ՛եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան շրջանը: Համբարձում կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Քրիստոսի մարմինով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Յարութենէն ետք Քրիստոս քառասուն օր մնաց երկրի վրայ եւ երեւցաւ հաւատացեալներուն` իւղաբեր կանանց, Էմմաուսի ճամբորդներուն … Read more