Խապրիկներ Եգիպտոսէն. Հոյպունի Մասին Գիտական Մենագրութիւն Կը Պատրաստէ

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Կիրակի, 10 մայիսի երեկոյեան Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ պատմաբան, փրոֆեսէօր եւ հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան նուիրուած դոկտ. Մոհամետ Ռիֆհաթին, որ Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչ բժ. Արմէն Մազլումեանին կը ներկայացնէր «Մուսթաֆա Քեմալ. պայքար Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ (1919-1921 թթ.)» վերնագրուած Հայաստանի ակադեմիկոս, թրքագէտ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեանի աշխատասիրութեան արաբերէն թարգմանութեան եւ հրապարակման աշխատանքներու ընթացքը:

Խօսքի մէջ դոկտ. Ռիֆհաթ յայտնեց, որ օսմաներէն, քրտերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով աղբիւրներու հում նիւթի ուսումնասիրութեամբ կը ծրագրէ 1920-ական թուականներուն ստեղծուած եւ գործած քրտական Հոյպուն կուսակցութեան մասին մենագրութիւն:

Հոյպունը ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնն էր Հայաստանի անկախութեան անկումէն ետք, որ կը նպատակադրէր արգիլել բռնագրաւուած Հայաստանի հողերու թրքացումը, այսինքն` բնակեցումը եւ իւրացումը: Ցեղասպանութեամբ բնիկ տարրէն` հայութենէն դատարկուած հայրենիքին բնակող գերակշիռ միակ տարրը քիւրտն էր` իր ցեղախմբային կառուցուածքով, բաժան-բաժան եւ յաճախ արիւնալի միջցեղախմբային կռիւներով տարուած:

Հոյպունով Դաշնակցութիւնը նախաձեռնարկ կը դառնար ցեղախմբայինէն ազգայինի բարձրացնել քրտութիւնը եւ միացեալ գործօն դարձնել թրքական ծաւալապաշտութեան ու համայնակուլ ընթացքին դէմ: Բնական էր, որ կազմակերպական այս կառոյցին հիմքը կրնար բնորդի մը վրայ ձեւուիլ, որ այս պարագային ՀՅԴ-ն էր` իր աշխարհայեացքով ու գաղափարաբանութեամբ, կանոնագրով եւ բարոյականութեամբ:

Արդարեւ, դժուարագոյն առաջադրանք մը` նկատի առնելով հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու արժէքային համակարգերուն եւ ըմբռնողութիւններուն մէջ գտնուող հսկայ, թերեւս անկամրջելի տարբերութիւնները:

Այնուամենայնիւ, այս անպատկերացնելի առաքելութիւնը գլուխ բերելու պատուիրակը դարձաւ Վահան Փափազեանը, ծանօթ` Կոմս, Բժիշկ եւ այլ ծածկանուններով, որ իր ողջ երիտասարդութիւնը Հայաստանի ազատագրութեան դատին նուիրած էր Վասպուրականի թէ Տարօնի աշխարհի մէջ եւ այլուր, քաջածանօթ էր քրտութեան նիստուկացին, ուղն ու ծուծին:

Ահա այս տիտանական ճիգին նուիրուած է յարգելի ակադեմականին ծրագրած գիտական աշխատանքը, որ ըստ ամենայնի հետաքրքրական պիտի ըլլայ ոչ միայն օտար ընթերցողին, այլեւ` հայ նոր սերունդներուն, որոնք արդէն հեռացած հայերէնին ընտանութենէն, չըսելու համար` խորթացած են:

 

 

 

Leave a Comment