Փառք Այն Երիտասարդութեան, Որուն Պայքարի Զրահը Վիգէնն Է*

ԱՐԱԶ ԷԼԷՅՃԵԱՆ

«Ես կ’ուզեմ Արարատը, Հայաստանը, կ’ուզեմ ազատ, անկախ ու գեղեցիկ Հայաստանը, կ’ուզեմ տեսնել զայն, համբուրել այն հողը, որուն մէջ կան հայ գիւղացիին, հայ զինուորին, հայ թագաւորին, հայ յեղափոխականին արիւնն ու քրտինքը:

«Կ’ուզեմ այդ հողէն, կ’ուզեմ, որ ան միշտ մնայ գրպանիս մէջ, հոգ չէ թէ ան աղտոտէ հագուստներս, որովհետեւ անոր աղտոտութիւնը պիտի չերեւի, այլ անիկա աւելի պիտի մաքրէ հագուստներս եւ ուղիղ ճամբան ցոյց տայ ինծի»:

ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

34 տարիներ առաջ, մայիսեան այս օրերուն, հայկական լեռնաշխարհի վրայ կը կատարուէր հարսանիք մը,  կը կերտուէր սխրագործութիւն մը, որուն արձագանգը պիտի հասնէր աշխարհի չորս դին: Հարսանիք մը, որ արմատապէս պիտի փոխէր Հայոց պատմութիւնը եւ պիտի ըլլար անկիւնադարձային թուական մը, որ ահա կը յիշուի 34 տարիներ անց:

Եթէ պէտք ըլլար միայն մէկ նախադասութեամբ ծանօթացնել Վիգէնը, ապա հետեւեալը պիտի ըլլար լաւագոյն օրինակը.

«Հայրենիքը ամէն բանէ առաջ է, ետքը կու գայ մնացեալը»: Այս կարգախօսը Վիգէնին հաւատամքն էր…

Վիգէնը ծնած էր 15 մարտ 1969-ին, անոր կազմաւորումը սկիզբ առած է հայեցի ամուր միջավայրի մէջ` Ճեմարանի յարկին տակ, ուր ստացած է իր ուսումը: Այդ դարբնոցին մէջ է, որ Վիգէնին մէջ սերմանուած է հայրենիքի հանդէպ անսակարկ նուիրումը:

Ան անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի շարքերուն, ուր ճանչցուած է իբրեւ եռանդուն մարզիկ, որուն կեանքը շաղախուած էր կարգապահութեամբ եւ միութենական ոգիով:

Անոր մշակութային ծարաւը զինք առաջնորդած է Համազգայինի պարարուեստի միաւոր:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Վիգէնը կը հաւատար ամբողջական հայու կերպարին, ուր մարմինը, միտքն ու հոգին մէկտեղուած` պէտք է ծառայեն մէկ գերագոյն նպատակի:

Վիգէնը միացած է իր պաշտած կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան շարքերուն, եղած է նոյնինքն այսօրուան «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամ, ներդրում ունեցած է նաեւ Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին մէջ:

Այսպէս, անոր մէջ ամրապնդուած է յեղափոխական ոգին:

Վիգէնը այն երիտասարդն էր, որ արցախեան պայքարը ամէնօրեայ ոգեշնչող ներկայութիւն կը դարձնէր իր շուրջը:

Անոր համար չկային մեծ ու փոքր գործեր. ամէն պարտականութիւն կը կատարէր բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ` ըլլար անիկա զէնք բռնելով պաշտպանել հայկական թաղամասերը եւ կամ օրուան հացը ապահովել այդ թաղամասերու ընտանիքներուն:

Եթէ պահ մը կանգ առնենք եւ մտածենք, կը տեսնենք, որ Վիգէնը կրնար ընտրել տարբեր ճամբայ: Ան կրնար շարունակել իր ուսումը Հայկազեան համալսարանին մէջ, զարգացնել իր արհեստը, վայելել կեանքը, ինչպէս` իրեն տարեկից երիտասարդները:

Բայց անոր խիղճը թոյլ չէր տար անտարբեր մնալ:

Ան հասկցած էր, որ հայրենասիրութիւնը գեղեցիկ բառերու շարան չէ, այլ յանձնառութիւն է:

Ան գիտակցած էր, որ` «Իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէ հայրենիքի կերտման ու ազատութեան ձեռքբերման ի խնդիր»:

Վիգէն ներշնչուած էր Լիզպոն հինգով: Ան 1991-ին Լիզպոն գործողութեան 8-ամեակի յիշատակի ձեռնարկին իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ.  «Լիզպոնի մեր նահատակները իրենց գերեզմաններուն խորերէն արձագանգ կը հանդիսանան հայկական յեղափոխութեան Մարդակերտ Առաջնորդին` ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒի պատգամին, որովհետեւ միայն աննահանջ կռիւն ու անխորտակ մեր կամքերն են, որոնք վաղուան յաղթանակին պիտի առաջնորդեն մեզ»:

Յարատեւ կռիւի սկզբունքին հաւատացող, հազիւ 23 գարուններ բոլորած այս երիտասարդը 1992-ի ապրիլին մեկնեցաւ Հայաստան` անցնելու համար Արցախ:

Մասնակցեցաւ Շուշիի ազատագրութեան դժուարին կռիւներուն եւ նահատակուեցաւ 8 մայիս 1992-ին: Վիգէնին մարմինը  կը հանգչի Եռաբլուրի Նահատակաց պանթէոնին մէջ, բայց անոր ոգին կը շարունակէ ներշնչել սերունդներ:

Այսօր ինչպէ՞ս կարելի է վիգէններու կտակը արդար կերպով իրականացնել, արդեօք ինչպէ՞ս կարելի է գործել այնպէս մը, որ Եռաբլուրի  նահատակները հանգիստ ննջեն, եւ մենք` իբրեւ այդ կտակի ժառանգորդներ, հանգիստ խղճով շարունակենք մեր առօրեան:

Արդեօք բաւարա՞ր է միայն տարին մէկ-երկու անգամ ծաղկեպսակներ զետեղել անոնց շիրիմներուն կամ ոգեկոչման ձեռնարկներ կազմակերպել:

Երբե՛ք:

Նահատակները հանգիստ չեն կրնար ննջել, երբ կը տեսնեն, թէ այսօրուան երիտասարդութեան մէջ կը տիրէ անտարբերութիւնը եւ  կամ յուսահատութիւնը:

Անոնք հանգիստ չեն կրնար ննջել, երբ կը տեսնեն, որ ազգային արժէքները կը դառնան երկրորդական, իսկ հայրենի հողի կորուստը կը դիտուի որպէս անխուսափելի իրողութիւն:

Անոնք հանգիստ կը ննջեն միայն այն ատեն, երբ հայ երիտասարդը իր ամբողջ ներուժը` ըլլայ գիտական, կազմակերպչական թէ ֆիզիքական, դնէ ի սպաս ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտման:

Այո՛, այսօրուան մեր իրականութիւնը այդքան ալ յոյս ներշնչող չէ, այսօր մենք կորսնցուցած ենք Շուշին, այժմ Արցախը մերը չէ, այդ հողը, որուն համար Վիգէնն ու ընկերները զոհաբերեցին իրենց կեանքը, Հայաստանի դաւաճան իշխանութիւնը յանձնեց թշնամիին եւ այսօր հրապարակներու վրայ կը յայտարարէ, որ այդ հողը երբեք մերը չէ եղած…

Բնական է, որ այս իրականութիւնը առաջին հերթին տխրութիւն պատճառէ լսողին, ապա յուսահատութեան մատնէ զայն, սակայն պէտք է այս երկուքին յաջորդեն ըմբոստութեան զգացումը, պայքարը շարունակելու լուրջ պատասխանատուութիւնը:

Այսօր մենք կը գտնուինք ճակատագրական  մարտահրաւէրներու առջեւ:

Ճիշդ է, որ պայքարի դաշտը փոխուած է, բայց պայքարի էութիւնը կը մնայ նոյնը:

Թշնամին կառչած կը մնայ իր  նպատակներուն, թշնամիին կ’օգնէ նաեւ կործանարար իշխանութիւն մը, որ դժբախտաբար հայկական կը կոչուի, չակերտեալ «մերը» կը կոչուի,  ուստի մենք եւս նոյն  յամառութեամբ կառչած մնանք մեր  պայքարին ու մեր տեսլականին:

Այդ պայքարը միայն հայրենիքի սահման պահելու պայքար չէ:

Այո՛, կը հաւատանք, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն, բայց զէնքն ալ տարբեր իմաստներով կը բնութագրուի:

Այդ պայքարին մէջ առաջին զէնքը պիտի ըլլայ հայոց լեզուն պահելը, հայ դպրոցին զօրավիգ կանգնիլը: Զէնքը պիտի ըլլայ հայ երգն ու պարը, հայ մշակոյթը վառ պահող միութիւններուն քաջալերելը: Զէնքը պիտի ըլլայ պատմութիւնը, որ պիտի առաջնորդէ դէպի արժանավայել ապագայ: Զէնքը պիտի ըլլայ քրիստոնէական մեր հաւատքը պահպանելը, որուն շնորհիւ կանգուն կը պահենք Հայ առաքելական եկեղեցին, որ անմասն չի մնար իշխանութեան թիրախներէն:

Իւրաքանչիւր երիտասարդ, ո՛ւր ալ գտնուի, Լիբանանի մէջ թէ սփիւռքի հեռաւոր ափերուն, պէտք է լրջօրէն գիտակցի յիշեալ զէնքերու կարեւորութեան, որովհետեւ մեր սերունդէն կը սպասուի 34 տարիներ առաջ կերտուած յաղթանակներու շարունակութիւնը:

Իբրեւ վիգէններու օրինակով ներշնչուած սերունդ` պէտք չէ տկարանալ ապազգայնացման վտանգին դիմաց, պէտք չէ ընկրկիլ, պարզապէս որովհետեւ այսօր անկարելի կը թուի մեր նպատակներու իրականացումը, պատահաբար չէ, որ ապրիլ ամսուան ողբերգական դէպքերուն կը յաջորդեն մայիսեան յաղթանակները:

Հետեւաբար, եթէ այսօր անկարելի օրակարգեր ունինք, չի նշանակեր, որ այդ անկարելիութիւնները օր մը մայիսեան յաղթանակներուն պէս պիտի չիրականանան:

Այս պայքարին մէջ հսկայական դեր ունեցած է եւ ունի դաշնակցական երիտասարդը, ԼԵՄ-ականը,  որ միշտ առաջատարն ու մղիչ ուժը եղած է, երբեք պէտք չէ թերագնահատել դաշնակցական երիտասարդին վճռակամութիւնը, որովհետեւ վիգէններով, մհերներով, պետոներով եւ կարօտներով է, որ մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ աւելցած են յաղթանակի ու փառքի էջերը, եւ մենք մեր ընկերներուն օրինակով կը պայքարինք:

Ինչպէս որ Վիգէն կը հաւատար, որ միայն աննահանջ կռիւն ու անխորտակ մեր կամքերն են, որոնք վաղուան յաղթանակին պիտի առաջնորդեն մեզ, մենք ալ նոյն հաւատքով այսօր վերանորոգենք մեր ուխտը, վերահաստատենք մեր վճռակամութիւնը, մերժենք  պարտուողականութիւնը, մերժենք այն միտքը, թէ մենք այլեւս անզօր ենք կամ ընելիք չունինք: Վիգէնը եւ իր ընկերները ապացուցեցին, որ նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններուն մէջ, հաւատքով զինուած երիտասարդը կրնայ սրբագրել պատմութիւնը:

Թող Վիգէնի վեհանձն օրինակը դառնայ դաշնակցական երիտասարդին կեանքի ուղեցոյցը:

Թող անոր յիշատակը մղէ դէպի նորանոր նուաճումներ:

Դուշման Վարդանի մայրը Զաքարեանի ընտանիքին յղած իր նամակին մէջ կը գրէ. «Այսօր չկան Վիգէնն ու Վարդանը, սակայն պայքարն ընթանում է առանց նրանց, զինակից ընկերները հաւատարիմ են նրանց պատգամներին` ազատագրել գերութեան մէջ գտնուող հայկական հողատարածքները ոսոխից», եւ ան վերջին տողին մէջ կ՛ըսէ. «Ապրելու կէսն էլ պատուով մեռնիլն է»:

Այսպիսի վստահութիւն վայելող երիտասարդներս պիտի շարունակենք անոնց սկսած սուրբ գործը…

Փա՛ռք Շուշիի ազատագրութեան ճամբուն վրայ ինկած անմահ հերոսներուն:

Յաւե՛րժ փառք Վիգէն Զաքարեանին:

Յաւե՛րժ փառք Վիգէնի օրինակով պայքարող երիտասարդութեան, որ Արցախը վաղ թէ ուշ պիտի միացնէ Հայաստանին, փա՛ռք այն երիտասարդութեան, որ ոչ միայն  պիտի ազատագրէ գերութեան մէջ գտնուող հայկական հողատարածքները, այլ նաեւ պիտի ազատագրէ ռազմաքաղաքական գերիները:

Յաւե՛րժ փառք այն երիտասարդութեան, որուն պայքարի զրահը Վիգէնն է:

 *Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 34-ամեակին առիթով 10 մայիսին կազմակերպուած ձեռնարկին արտասանուած խօսք:

Leave a Comment