Հրապարակուած է ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի այս տարուան չորրորդ թիւը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան:
Ընթերցողը «Հայ դատ» խորագիրին ներքոյ կը ծանօթանայ 111 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն վերաբերող նիւթեր, մամուլին մէջ անոնց արձագանգներուն, ինչպէս նաեւ իրաւական, քաղաքական բեմերու վրայ` իբրեւ գործընթաց մը, որ կը շարունակուի տարբեր դրսեւորումներով: Միաժամանակ` իբրեւ գործընթաց մը, որ իր պատմական հանգուցալուծումը չէ ստացած տակաւին մարդկութեան վերապրած առաջին ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման առումով: Իբրեւ անպատժելիութեան պայմաններուն մէջ 1915 թուականի եղեռնական իրադարձութիւններու շարունակութիւն` «Դրօշակ»-ը կ՛անդրադառնայ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Հեղինակ Մարի Յովհաննիսեան իր գրութեան մէջ կ՛անդրադառնայ 1992-ին Արցախի Մարաղա գիւղին մէջ տեղի ունեցած կոտորածին: Սահմռկեցուցիչ իրադարձութիւններու նկարագրութիւնը ակնառու կերպով ի յայտ կը բերէ նոյն արիւնարբու ձեռագիրը, որով մեծ եղբայրը մօտ մէկ դար առաջ գործադրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ազգի ոչնչացման եւ անոր բնօրրանին տիրանալու ցեղասպանական քաղաքականութեան մէկ դրսեւորումն ալ սպիտակ ցեղասպանութիւնն է կամ, այլ խօսքով, ժողովուրդի մշակութային, հոգեւոր ու պատմական հետքերու ոչնչացումը: Մշակութաբան Արմինէ Տիգրանեան կ՛անդրադառնայ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ շարունակուող հայկական կոթողներու ոչնչացման պետական քաղաքականութեան` միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ տեղի ունեցողը գնահատելով իբրեւ ցեղասպանական գործողութիւններ:
Անդրադառնալով մէկ դարէ աւելի շարունակուող հայաջինջ քաղաքականութեան` որոշ յօդուածներու հեղինակներ ցաւով կը նշեն, որ տեղի ունեցողին լոյսին տակ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները ոչ միայն լուռ կը մնան, այլ հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած ակնյայտ վանտալութեան հարցով եւս կը փորձեն հայ ժողովուրդը համոզել, թէ երէկուան ու այսօրուան թշնամին այլեւս բարեկամ է, որուն հետ հաստատուած է յաւերժական խաղաղութիւն:
Անկախ արծարծած նիւթի բովանդակութենէն` հրապարակուած յօդուածներու մէջէն կարմիր թելի պէս կ՛անցնի այն գաղափարը, որ հայ ժողովուրդը պետականօրէն պէտք է պաշտպանէ ինքզինք եւ չդադրեցնէ ինքնութեան, սեփական հողի վրայ ինքնիշխան ու արժանապատիւ գոյութեան համար պայքարը: Միայն ամուր պետականութեան շուրջ համախմբուած պայքարունակ ժողովուրդը երաշխաւորուած է իր մնայուն տեղը ունենալու աշխարհի յարափոփոխ քարտէսին վրայ:
Ընթերցողը «Դրօշակ»-ի ապրիլեան թիւը կրնայ ընթերցել` այցելելով
https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2026/04/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-4-2026%D5%A9.pdf