«Զանգեզուրի Միջանցք»ին Շուրջ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Վերջնական Համաձայնութիւն Չկայ. Ֆիտան. «Ազդարար»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 19 Նոյեմբերին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հրապարակաւ յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ վերջնական համաձայնութիւն չկայ. կողմերը կը բանակցին եւ Թուրքիա այդ բանակցութիւններուն միայն կը նպաստէ:

Ան այս հաստատումը կատարեց եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Ատրպէյճան կապերուն մասին խօսեցաւ՝ հիմնականօրէն պատասխանելով  ընդդիմադիր եւ քրտամէտ կուսակցութիւններու քանի մը պատգամաւորներու հարցումներուն, թէ՝ ի՛նչ կ՛ընէ Թուրքիա «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալու կամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ:

«Երբ մեզ կը քննադատեն «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով՝ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ այդ հարցը կը գտնուի մեր գերիշխանութեան տակ. ո՛չ: Տարածքը Հայաստանի մէջ է, յաւակնորդը` Ատրպէյճանն է. մենք՝ իբրեւ միջնորդ հանդէս կու գանք երկու կողմերուն համար, որովհետեւ այդ ճամբան նաեւ մեզի համար կարեւոր է: «Զանգեզուրի միջանցք»ը ներկայիս իրական հարց է յատկապէս Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ. Թրամփ զայն բարձրացուց Ուաշինկթընի մէջ: Միջանցքի հայեցակարգի նախնական ընդունումը շատ կարեւոր էր Ատրպէյճանի ազգային շահերուն համար, սակայն, թոյլ տուէք բացատրել, որ շարք մը հարցեր տակաւին կը մնան մութի մէջ, մասնաւորաբար՝ թէ ի՛նչ բնոյթ պիտի ունենայ այդ միջանցքը, ով պիտի շահագործէ զայն, որո՞նք պիտի ըլլան գործընկերները», ըսաւ Ֆիտան եւ բաւական մանրամասն եւ յստակ կերպով արձագանգեց նաեւ Հայաստանի սահմանը բանալու յորդորներուն` ընդգծելով, որ Անգարա այդ մէկը պիտի չընէ, այնքան ատեն, երբ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնականապէս չէ ստորագրուած: «Զանգեզուրի միջանցքը եւ Հայաստանի Սահմանադրութեան հարցը դուրս մնացած են Ուաշինկթընի փաստաթուղթերէն, երբ անոնք լուծուին, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութիւն հաստատուի, մենք ալ մեր քայլը կ՛առնենք։ Մենք այսպէս կ՛ընենք հետեւեալ պատճառով` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, սահմանի բացումը եւ տնտեսութեան վերականգնումը կարեւոր են Հայաստանի համար: Եթէ մենք հիմա կարգաւորենք յարաբերութիւնները, մենք Հայաստանը պիտի զրկենք Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու ամէնէն հիմնաւոր շարժառիթէն: Ասիկա կրնայ տարածաշրջանի մէջ սառեցուած հակամարտութեան տանիլ, բան մը, զոր չենք ուզեր», ըսաւ Ֆիտան, բայց, ան յստակօրէն յայտարարեց Թուրքիոյ կողմնակալութեան մասին՝ ըսելով. «Մենք կը շարունակենք գործել մեր դաշնակից Ատրպէյճանի հետ համակարգուած եւ համերաշխ` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ, ներառեալ` Ղարաբաղի վերակառուցումը եւ վերածնունդը: Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի խաղաղ եւ կառուցողական մօտեցումը մեր երկրին ու Ատրպէյճանի նկատմամբ եւ կը շարունակենք երկխօսութիւնը Հայաստանի հետ ու անկեղծօրէն յառաջ կը մղենք միացեալ ջանքերը յստակ քայլերու ուղղութեամբ»:

Ֆիտան պնդեց, որ մինչ այդ Անգարա իր տարածքին մէջ նախապատրաստական եւ թեքնիք աշխատանքներ տարած է արդէն եւ գործնականին մէջ պատրաստ է սահմանի բացման, երբ Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերը լուծուին։

 Խորհրդարանի նիստին ընթացքին, Պուրսայէն ընտրուած պատգամաւոր, արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի «Ապագայ» կուսակցութեան անդամ Ճեմալհեթին Թորուն զուգահեռներ գծեցին Հայաստան-Թուրքիա հաշտեցման ու Եւրոպական Միութեան անդամակցելու` Թուրքիոյ մնայուն ջանքերուն հետ, ընդգծելով, որ երկու հարցերուն մէջ Անգարա պէտք է յառաջընթաց արձանագրէ:

«Հայաստանի հետ հաշտեցումը նաեւ քայլ է տնտեսական համարկման ուղղութեամբ», ըսաւ Թորուն՝ բացատրելով, որ փակ սահմանի բացումը պիտի ընդարձակէ Թուրքիոյ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ դիւանագիտական կարելիութիւնները, իսկ Կարսը, Իգտիրը, Էրզրումը, Արտահանը անկէ առաջին շահողները պիտի ըլլան։

«Այս նահանգները կրնան փրկուիլ անգործութեան, աղքատութեան եւ լճացումի` տարիներ շարունակուող ճիրաններէն միայն սահմանին աշխուժութեան պարագային», ընդգծեց Թորուն։

 Ձախակողմեան «Ազատութիւն եւ համերաշխութիւն» խմբակցութեան անդամ Հաքքը Սարուհան Օլուճ իր կարգին յստակօրէն հարցուց, թէ ինչո՛ւ Անգարա չ՛ուզեր յաջորդ տարիէն սկսեալ արդէն քայլերու ձեռնարկել Թուրքիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող երկաթուղիները շահագործելու ուղղութեամբ:

«Այժմ Փաշինեանի կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ բանալ Մարգարա-Կոռնիձոր գիծը, որ պիտի ապահովէ Թուրքիայէն Ատրպէյճան ուղիղ ցամաքային փոխադրութիւնները: Այս երկաթուղիի բացումը պիտի բարձրացնէ խաղաղութեան հանդէպ հաւատքը եւ պիտի դիւրացնէ թրքական գործարար համայնքին մուտքը Ատրպէյճան եւ Հայաստան, ինչ որ շատ կարեւոր է», ըսաւ Օլուճ, որ նաեւ առաջարկեց, թէ Թուրքիա վճռական դեր ստանձնէ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանին կապող «Թրամփի ճամբայ»ի շահագործման հարցով: «Ըստ մեզի` պէտք է համակարգող գործիքակազմ մը ստեղծել, եւ հոն Թուրքիոյ՝ հիմնադիր անդամ ըլլալը շատ կարեւոր է»։

Արտահանէն ընտրուած, ընդդիմադիր Օղկիւ Էրտեմ Ինճեսու գրեթէ ամբողջ իր ելոյթը յատկացուց այս նիւթին: «44օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած փաստաթուղթը յստակօրէն կ՛ըսէ, թէ՝ «Զանգեզուրի միջանցք» պիտի բացուի, հանրութեան ալ բացատրուեցաւ, որ ասիկա պիտի ըլլայ ռազմավարական ճամբայ մը` մեծ տնտեսական եւ միջոցներու դասաւորման կարելիութիւններ ստեղծելով Թուրքիոյ համար: Թէեւ տարիներ անցած են, սակայն, միջանցքը տակաւին չէ բացուած», պնդեց Ինճեսու` յստակօրէն հարցնելով, որ ի՞նչ պիտի ըլլայ այս միջանցքը, ե՞րբ պիտի բացուի անիկա, ո՞ր փուլին հասած է, եւ ո՞վ պիտի ըսէ ճշմարտութիւնը:

«Այստեղ կայ հարց մը. յայտարարուեցաւ, որ անիկա պիտի կոչուի Թրամփի անունով: Հիմա պիտի բացատրէ՞ք, թէ մեր կառավարութիւնը Թուրքիոյ ինքնիշխան շահե՞րը յառաջ կը տանի, թէ՝ Ուաշինկթընի ակնկալութիւնները: Որովհետեւ կարեւորը ոչ թէ անոր անունն է, այլ՝ թէ անիկա ինչ առաւելութիւններ կու տայ Թուրքիոյ», նշեց Ինճեսու։

Leave a Comment