Հայրենիքը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում եւ սփիւռքը` դէպի ինքնամաշում․ Արամ Առաջին կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Առաջին կաթողիկոսը վստահ է՝ ՝ հայ ազգը նոր ղեկավարների կարիք ունի, որպեսզի երկիրը դուրս գա ստեղծված իրավիճակից։ Վեհափառն այդ մասին հայտարարել է իր գահակալության 30-ամյակին նվիրված միջոցառման ժամանակ։

«ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ԴԷՊԻ ԻՆՔՆԱՔԱՆԴՈՒՄ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԸ` ԴԷՊԻ ԻՆՔՆԱՄԱՇՈՒՄ. ՀԱՐԿ Է ԱՌԱՋՔԸ ԱՌՆԵԼ ԱՅՍ ՎՏԱՆԳԻՆ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԻԳՈՎ» ասել է Արամ Առաջին կաթողիկոսը։

Հայ կեանքը յուզող ներկայ իրադարձութիւններուն լայն տեղ տալով՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «Այսօր հայ կեանքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին կը գտնուի: Ես կ՚ուզեմ հետեւեալ խիտ բառերով բնորոշել, բնութագրել մեր ներկայ կեանքը. Հայրենիքը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում եւ Սփիւռքը` դէպի ինքնամաշում. հարկ է առաջքը առնել այս վտանգին` համահայկական ճիգով: Զգացական պոռթկումներէ, անիրատես արժեւորումներէ հեռու պէտք է մնանք: Մենք չենք կրնար մեր ապագան տեսնել, ճշդել ու ծրագրել պատահական ու պարագայական մօտեցումներով, կեցուածքներով, լոզունգներով, դատապարտումներով: Մենք մեր ժողովուրդին ապագան կը կերտենք իրատես մօտեցումով՝ քննելով մեր ներկան եւ ճիշդ դիտելով մեր ապագան եւ ընթանալով այն ճամբէն, որ կը տանի մեր Հայրենիքին փրկութեան եւ ազգին բարօրութեան»: Ապա, Հայրապետը վերանորոգումի անյետաձգելի հրամայականը շեշտելով՝ ըսաւ. «Ահաւասիկ, կ՚ապրինք մեր պատմութեան խաչմերուկին: Այս կացութեան դիմաց, մենք կարիքը ունինք նոր ղեկավարներու, նոր մօտեցումներու, նոր կեցուածքներու, որպէսզի դուրս գանք ներկայ ճահճացած վիճակէն: Կրկնութիւններով մենք չենք կրնար յառաջ երթալ, մասնաւորաբար ներկայ ճարտարագիտական նորութիւններով եւ ամէնօրեայ փոփոխութիւններով լեցուն ժամանակներուն մէջ: Չենք կրնար ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ ապրիլ: Պէտք է բացուինք եւ տեսենենք, թէ ո՛ւր կ՚երթայ մեր ժողովուրդն ու Հայրենիքը: Աշխարհագրական պայմանները մնայուն փոփոխութեան մէջ են. կեանքը՝ մնայուն եղաշրջումի մէջ: Այս բոլորին դիմաց հարցում՝ ո՞ւր ենք մենք: Այսօր յոյժ կարիքը ունինք նոր արիւնի եւ նոր աւիշի: Այս բոլորը պիտի գան մեր երիտասարդներէն: Անոնք ներկայ աշխարհը կը ճանչնան: Անոնց մօտեցումը այսօր բոլորովին տարբեր է. աւելի իրատես են ու աւելի գործնական: Թոյլ չտանք, որ մեր երիտասարդները հեռանան մեր կեանքէն: Մենք լայն տեղ պէտք է տանք երիտասարդութեան. պէտք է վստահինք մեր երիտասարդներուն, որովհետեւ անոնք պիտի կերտեն մեր ժողովուրդի ապագան: Երբ նոյն աթոռներուն վրայ նո՛յն անձերը կը նստին՝ կաղապարուած նոյն մտածումներով, աթոռն ալ կը մաշի, աթոռին վրայ նստողներն ալ կը մաշին»:

Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Հայաստանին եւ Սփիւռքին պարազած ներկայ իրավիճակին՝ յայտնեց. «Տարիներ առաջ ըսի, թէ Հայաստանը կը պարպուի. եւ Հայաստանը կը շարունակէ պարպուիլ. իսկ այսօր կ՚ըսեմ, թէ Հայաստանը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում։ Ինչպէ՞ս կարելի է այս ընթացքը կասեցնել: Ահաւասիկ Սփիւռքին դերը: Սփիւռքն ալ, իր կարգին, լաւ պայմաններու տակ չէ: Մենք մեր գաղութներուն մէջ տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ տագնապներու դիմաց կը գտնուինք: Այսօր, աւելի քան երբեք, Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալ կ՚ենթադրէ ամէնօրեայ տագնապ ու մաքառում: Հայաստանի մէջ հայը կ՚ապրի իր հայրենի հողին վրայ, կը շնչէ անոր օդը եւ կը խմէ անոր ջուրը, մինչ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէ: Սփիւռքի հայը տասնամեակներ շարունակ ըլլալու եւ չըլլալու երկընտրանքին դիմաց էր, եւ ընտրեց հա՛յ ըլլալ: Հայ մնալու համար մեր կեանքը վերածեցինք պայքարի: Այսօր Սփիւռքը, որեւէ ժամանակէ աւելի, ընելիք ունի, քան՝ ըսելիք: Ըսելիքներով մեր կեանքը չլեցնենք, այլ՝ ընելիքներով լեցնենք, հարստացնենք ու արժեւորենք: Ա՛յս կը պահանջուի մեր ժողովուրդէն եւ այս առումով Սփիւռքին դերը էական է: Հայաստանի փրկութեան ու վերականգնումին մէջ Սփիւռքին դերը ես կը նկատեմ առաջնահերթ: Այս պատճառով, մենք, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, սկսանք Սփիւռքի վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի գործընթացքին, քանի Հայաստանի հզօրացումը պայմանաւորուած է Սփիւռքի հզօրացումով: Ահաւասիկ մեր դիմաց կանգնող հսկայ մարտահրաւէրը»:

Leave a Comment