Հազարաւոր ուխտաւոր հայորդիներ շաբաթ, 15 օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, հաւաքուած էին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ` մասնակցելու ուխտի սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ խաղողի ու մատաղի օրհնութեան, որոնց հանդիսապետեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Օրուան պատարագիչն էր մայր տաճարի լուսարարապետ Սիփան արք. Քէչէճեան: Սուրբ պատարագի գեղեցիկ երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` Զաւէն վրդ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ: Նշենք, որ սուրբ պատարագը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ի Դիմատետրի եւ «Եութիուպ»-ի էջերէն:
Սուրբ պատարագի աւարտին, վեհափառ կաթողիկոսը, բարձրաստիճան միաբան հայրերու ուղեկցութեամբ, բարձրացաւ խորան եւ կատարեց խաղողօրհնէք ու մատաղօրհնէք: Ապա, ան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի կեանքին լայն չափով ծանօթ ըլլալով, խոր մտահոգութեամբ կը հաստատենք, որ, իբրեւ ազգ, հայրենիք ու եկեղեցի, կ՛ապրինք դժուար պայմաններու մէջ. կը շարունակենք դիմագրաւել ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրներ ու տագնապներ: Այս կացութեան դիմաց, մեր ինքնութեան ողջ պահպանումը եւ մեր գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներու ու արժէքներու շուրջ ազգին համախմբումը մեզի համար կը մնայ առաջնահերթ»:
Այս ահազանգին դիմաց վեհափառ հայրապետը թելադրեց ունենալ մեր դիրքորոշումն ու մօտեցումը, մանաւանդ ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ. «Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր ըլլալ մեր ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն ու շրջապատող տագնապներուն նկատմամբ». ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցին ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, այլ դէպի ժողովուրդ ուղղուած առաքելութիւն է, որ կ՛առաջնորդուի Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւններով ու սկզբունքներով: «Եկեղեցւոյ դերը հրահանգել չէ, այլ` ծառայել, վկայել, ուսուցանել, օժանդակել, յիշեցնել եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, Քրիստոսի ներկայութեամբ հզօրացած` առաջնորդել», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Մեկնելով այս մօտեցումէն` վեհափառ հայրապետը հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող չորս հիմնական ու այժմէական բնագաւառներու անդրադարձաւ: Առաջին հերթին, ան խօսեցաւ արժէքներու վերակենսաւորման հրամայականին մասին` նշելով, որ արժէքները ժողովուրդի մը ինքնուրոյն գոյութեան հենքն են, հետեւաբար, անոնց նահանջը նահանջն է նաեւ ազգին: Այս առումով, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց իրապաշտ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը. «Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ մեր արժէքները սկսած են հետզհետէ նահանջել, տեղ մը դառնալով լուսանցքային, այլ տեղ` ապազգային: Այս վտանգալից երեւոյթը կրնայ մեր ինքնութեան արմատները փճացնել եւ մեր ինքնուրոյն գոյութեան հիմքերը տկարացնել: Հայապահպանում կը նշանակէ ինքնութեան առողջ պահպանում: Ինքնութեան առողջ պահպանում կ՛ենթադրէ արժէքներու անվթար պահպանում ու անոնցմով հայ կեանքի վերակենսաւորում: Մեր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ պէտք է ըլլանք հաւատարիմ մեր արժէքներուն նկատմամբ»:
Երկրորդ կէտով Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ հոգեւոր կեանքի վերաշեշտման հրամայականին մասին: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին ստեղծած ու պահպանած արժէքներուն իրարու հետ սերտօրէն շաղախուած ըլլալուն: Ան յայտնեց, որ պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ կեանքին մէջ քրիստոնէութիւնը հայացաւ ու հայութիւնը քրիստոնէացաւ, այլ խօսքով` երկուքը մէ՛կ ամբողջութիւն կազմեցին: Ան յորդորեց հոգեւոր արժէքները չդիտել եկեղեցական ու ծիսական նեղ պարունակին մէջ, այլ դիտել մեր ժողովուրդին համայնական կեանքի շրջագիծին մէջ: «Մենք որքա՜ն կարիքը ունինք ներկայ աշխարհի ժխորին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու: Հեռու Աստուծմէ` մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր իմաստը, նպատակն ու ճամբան»:
Իր պատգամի երրորդ կէտին մէջ վեհափառ հայրապետը նշեց, որ հոգեւոր կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունի մեր ազգին ու եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն առողջ պահպանումը: Ան յիշեցուց, որ 2025 թուականը հռչակած էր «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», որուն առիթով աւանդութիւններու կենսական կարեւորութեան նկատմամբ ներքին գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդին աւելի ամրապնդուեցաւ: Միաժամանակ ան զգուշացուց, որ աւանդութիւնը պէտք չէ շփոթենք սովորութիւններու հետ, որովհետեւ առաջինը, իր հարազատ ըմբռնումով, ժողովուրդի ներքին ապրումներուն ու ձգտումներուն արտայայտութիւնն է: «Աւանդութիւնները կ՛երաշխաւորեն ժողովուրդի մը ամբողջականութիւնը եւ կը զօրացնեն անոր գոյութեան արմատները: Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, ուր նաեւ մեր ազգի զաւակները աշխարհագրական իմաստով իրարմէ հեռու կ՛ապրին ու անմիջականօրէն ենթակայ են զիրենք շրջապատող այլ աւանդութիւններու եւ ինքնութիւններու, իբրեւ փոքր ազգ, մենք որքա՜ն հրամայական անհրաժեշտութիւնը ունինք հաւատարիմ մնալու մեր աւանդութիւններուն»:
Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը իր պատգամին չորրորդ բնագաւառը յատկացուց հայ ընտանիքին, որ միջնաբերդն է մեր ազգի արժէքներուն ու աւանդութիւններուն առողջ պահպանման ու փոխանցման: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս յատուկ կերպով խօսեցաւ ընտանիքի, յատկապէս մօր դերակատարութեան մասին: «Փոխադարձ սէրը, վստահութիւնն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դառնան տիրող ներկայութիւն հայ ընտանիքին մէջ: Հայ ընտանիքը, ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, Աստուծոյ կողմէ հաստատուած կառոյց է. հարկ է, որ մեր հոգեւոր հայրերը միշտ կոչ ուղղեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն ա՛յս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ ընտանիք կազմելու: Չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը կը կործանի եւ եկեղեցի մը իր առաքելութենէն կը շեղի, երբ անոնց կեանքին զօրեղ հիմքը կազմող ընտանիքը կը կորսնցնէ իր սրբութիւնը»:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց` ըսելով. «Արժէք, աւանդութիւն, ընտանիք: Ահաւասիկ մեր ազգի ինքնութեան ամուր պահպանման ու յաւերժութեան երթին հզօրացման զօրեղ կառոյցները: Մնանք հաւատարիմ մեր պատմութեան կողմէ մեզի ժառանգուած մեր ինքնուրոյն գոյութեան այս հիմնասիւներուն»:
Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի օրը աւարտեցաւ համաբերան Տէրունական աղօթքի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ: Ապա, հաւատացեալները Սուրբ Հաղորդութիւն եւ օրհնուած խաղող ու մատաղ ստացան:

