Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի տղոց ֆութպոլի խումբը, Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի կիսաւարտականին փենալթիներով պարտութեան մատնելէ ետք Տինամօ Պէյրութը, հասաւ աւարտական, ուր պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ:
Անդրանիկ իր կարգին դուրս ձգեց Ա. խմբակի առաջին դիրքը գրաւող Շեպիպեթ Մազրաան եւ անգամ մը եւս պիտի մրցի ՀՄԸՄ-ի դէմ, Դ. դասակարգի աւարտականի տոմսի համար:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը Անսարի դաշտին վրայ բաւական լաւ սկսան Տինամոյի դէմ մրցումը, եւ 11-րդ վայրկեանին իսկ խմբապետ Աւագ Պալապանեանի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք գնդակը հասաւ ձախ ծայրի յառաջապահ Իսա Օսմանի, որ խաղի բերելէ ետք իրեն հսկող յետսապահին, անզսպելի հարուածով գրաւեց Տինամոյի բերդը:
Այս կոլէն ետք Տինամօ բաւական առիթներ փորձեց ստեղծել, բայց վտանգ չկար ՀՄԸՄ-ի բերդին վրայ, մինչ ՀՄԸՄ-ի յառաջապահ գիծի տղաքը երբեմն աւելորդ գնդակ կը փորձէին պահել եւ դիւրին առիթները կոլի չէին կրնար վերածել:
ՀՄԸՄ, որ խմբային գեղեցիկ եւ դիւրին խաղ կը կիրարկէր այս մրցումին, նոյն ձեւով չկրցաւ խաղալ, ինչպէս նշեցինք, քիչ մը շատ գնդակ «պահելով»:
Վստահաբար գլխաւոր մարզիչը եւ թեքնիք տնօրէնը այս բոլորը տեսան, եւ մինչեւ աւարտականի մրցումը ճիշդ ցուցմունքներով կը շարունակեն ընթացքը, եւ Անդրանիկի դէմ յաղթանակով մը Գ. դասակարգ բարձրանալու յոյսերը թափ կը ստանան:
Բ. կիսախաղին Տինամօ Պէյրութ ազատ հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը, բայց պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի բերդապահ Ժաուատ Սապրա մասնաւոր վտանգներէ չփրկեց ՀՄԸՄ-ի բերդը: Տինամօ ունէր քանի մը լաւ մարզիկներ, որոնք անհատական փորձերով առիթներ կը ստեղծէին, բան մը, որ կարծէք մեր մարզիկներուն համար յաւելեալ պատճառ դարձաւ, որ իրենք ալ անհատական փորձերու վստահին` փոխանակ խմբային խաղարկութեան:
90 վայրկեանները աւարտելէ ետք 1-1 արդիւնքով, դիմուեցաւ փենալթիներու, ուր ՀՄԸՄ իր 3 հարուածներն ալ կոլի վերածեց, մինչ Տինամօ իր 4 հարուածներէն 3-ը կորսնցնելով պարտուեցաւ:
Փենալթի կորսնցնելու մէջ մեծ դեր ունէր ՀՄԸՄ-ի բերդապահը, որ մրցակիցին կը փոխանցէր գնդակը անոր մօտենալով` յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար բան մը, որ վստահ ազդեց: Առաջին 2 մարզիկները, որոնք կորսնցուցին, բերդէն դուրս հարուածեցին, իսկ վերջիններուն հարուածները զսպեց ՀՄԸՄ-ի բերդին սիւնը:
Ուրբաթ, 7 օգոստոսին, Բ. խմբակի վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ կրցած էր յաղթել Անդրանիկին, եւ այս շաբաթ այդ իրագործումը կրնանք կրկնել աւարտականին:
Ասիկա անշուշտ չն նշանակեր, որ յաղթանակը մեր գրպանն է, այլ եթէ նոյն ձեւով պայքարինք, եւ կարեւորագոյնը` խմբային խաղ խաղանք, կրնանք յաղթել: Յաղթանակները թուղթի վրայ չեն արձանագրուիր, այլ դաշտին վրայ` 90 վայրկեան պայքարելով:
Խմբային խաղը մարզիկները չի յոգնեցներ, մինչ անհատական խաղաոճ կիրարկող խումբերն են, որոնք աւելի կը յոգնին:
Նշենք, որ Գ. դասակարգի աւարտական հանգրուանին վերջին մրցումները չկատարած, Ղատ Աֆտալ եւ Իժթիմահի բարձրացան Բ. դասակարգ, մինչ ՀՄԸՄ մնաց Գ. դասակարգ: